image

Մահացած է Զապէլ Սիմիքեան-Պալիոզեանը. Հանգուցեալը Հալէպի նուիրեալ ուսուցիչներէն էր

Մահացած է Զապէլ Սիմիքեան-Պալիոզեանը. Հանգուցեալը Հալէպի նուիրեալ ուսուցիչներէն էր

Իր սիրելի ծննդավայր՝ Հալէպէն հազարաւոր մղոններ հեռու աչքերը յաւերժին փակած է Զապէլ Սիմիքեան-Պալիոզեանը։

Հանգուցեալը երկար տարիներ եւ մեծ նուիրումով ուսուցչագործած է Հալէպի ՀԲԸՄ-ի «Լազար-Նաճարեան վարժարան»ի մանկապարտէզէն ներս։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  նոյն վարժարանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 15 Դեկտ. 2023-ին, Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքեց վարժարանիս ուսուցչուհի տիկ. Զապէլ Սիմիքեան Պալիոզեանը։

ԱՆ 39 տարիներ շարունակ մեծ նուիրումով, անսակարկ աշխատանքով ծառայեց ԼՆ-ԳԿ կեդր.վարժարանի մանկապարտէզի բաժնին մէջ, որպէս ուսուցչուհի, վայելով բոլորին սէրն ու յարգանքը։

Այս տխուր առիթով ՀԲԸՄ-ի Կրթական Յաձնախումբն ու ԼՆ-ԳԿ Կեդր.վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն եւ հարազատներուն հայցելով երկնային մխիթարութիւն։

Խունկ եւ աղօթք իր յիշատակին։