Իր սիրելի ծննդավայր՝ Հալէպէն հազարաւոր մղոններ հեռու աչքերը յաւերժին փակած է Զապէլ Սիմիքեան-Պալիոզեանը։
Հանգուցեալը երկար տարիներ եւ մեծ նուիրումով ուսուցչագործած է Հալէպի ՀԲԸՄ-ի «Լազար-Նաճարեան վարժարան»ի մանկապարտէզէն ներս։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ նոյն վարժարանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
15 Դեկտ. 2023-ին, Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքեց վարժարանիս ուսուցչուհի տիկ. Զապէլ Սիմիքեան Պալիոզեանը։
ԱՆ 39 տարիներ շարունակ մեծ նուիրումով, անսակարկ աշխատանքով ծառայեց ԼՆ-ԳԿ կեդր.վարժարանի մանկապարտէզի բաժնին մէջ, որպէս ուսուցչուհի, վայելով բոլորին սէրն ու յարգանքը։
Այս տխուր առիթով ՀԲԸՄ-ի Կրթական Յաձնախումբն ու ԼՆ-ԳԿ Կեդր.վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն եւ հարազատներուն հայցելով երկնային մխիթարութիւն։
Խունկ եւ աղօթք իր յիշատակին։