Թուրք գրականութեան ժամանակակից մեծութիւններէն համարուող Վէտաթ Թուրքալին 29 օգոստոսի վաղ առաւօտեան կնքեց իր մահկանացուն, Եալովայի հիւանդանոցին մէջ։
97 տարեկանին մահացած հանգուցեալ Վէտաթ Թուրքալին եզակի թուրք գրողներէն է, որ իր ստեղծագործութեան մէջ ընդարձակ ձեւով անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան՝ «Վերջացաւ, վերջացաւ, բայց չաւարտեցաւ» վէպին մէջ։ Թուրքալիի այս վէպին մէջ կը շրջի Ցեղասպանութեան ուրուականը, անոր պատմական հիմքը՝ ցեղասպանութիւնն է: