image

Մահացած է ազնուական հայուհի՝ Մարիժան Գազանճեանը

 Մահացած է ազնուական հայուհի՝ Մարիժան Գազանճեանը

Կիպրոսի մայրաքաղաք  Նիկոսիայէն  տխուր լուր ստացանք։

 

 Օրերս իր մահկանացուն կնքած է  Կիպրոսի հայկական համայնքի լայն շրջանականերուն մօտ  յարգուած  անձնաւորութիւն, ազնուական հայուհի՝ Մարիժան Գազանճեանը։

 

 

 Նշենք նաեւ, որ Մարիժան Գազանճեան մայր է ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ Դատի  Մարմնի ատենապետ Տիար  Յակոբ Գազանճեանին, որ այս առթիւ ալ կատարած է կարճ մահագրութիւն մը գրելով ՝

 

 «Սիրելի մայրս, Մարիժան Գազանճեանը մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ։ Ան հրաժեշտ կ՚առնէ երկրաւոր կեանքէն միանալու հօրս։ Հարազատներու եւ բարեկամներու լայն շրջանակներուն մէջ որպէս սիրուած անձ, ան պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ որպէս տիպար մայր, որպէս նուիրեալ ՀՕՄ-ուհի»։

 

 Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալ Մարիժան Գազանճեանի վերջին հրաժեշտի, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին  այսօր Չորեքշաբթի  12   յունուարին  Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Նիկոսիոյ  Ազգային Գերեզմանատան մէջ։

 

 Մեր խորին ցաւակցութիւնները։