image

Լուքանշենքոյի «խրատ»ը Փաշինեանին

Լուքանշենքոյի «խրատ»ը Փաշինեանին

Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն հանգիստ արձագանգած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ նոյեմբեր 23-ին Մինսքի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին մասնակցելու մերժման։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Պելառուսիոյ պետութեան ղեկավարի մամուլի քարտուղար Նաթալիա Էյսմոնթը։

Նոյեմբեր 14-ին հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ։ Կողմերը քննարկած են Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակը, երկկողմ յարաբերութիւնները եւ ՀԱՊԿ յառաջիկայ գագաթնաժողովի օրակարգը։

Սա առաջին դէպքը չէ, երբ Հայաստանի ղեկավարը կը հրաժարի համարկման միջոցառումներուն մասնակցելէ։ Այսպէս, հոկտեմբերին ան բաց թողած է Պիշքեքի մէջ ԱՊՀ գագաթնաժողովը, նշած է պելառուսական լրատուամիջոցը։

«Նախագահը կը հասկնայ, որ այդ որեւէ պետութեան ղեկավարի գործն է։ Հրաւէրն ուղղուած էր Հայաստանի վարչապետին այնպէս, ինչպէս նաեւ այլ պետութիւններու ղեկավարներուն։ Ռուսիոյ նախագահին, օրինակ, նոյնպէս՝ վերջերս կայացած հեռախօսազրոյցի ժամանակ։ Ան ընդունած է հրաւէրը»,- նշած է Նաթալիա Էյսմոնթը։

«Նախագահը, ելլելով իր փորձէն եւ նմանատիպ իրավիճակներու մէջ յայտնուած քանի մը այլ յայտնի քաղաքական գործիչներու գործողութիւններէն, Հայաստանի վարչապետին առաջարկած է չշտապել, հապճեպ որոշումներ չկայացնել, այլ լրջօրէն մտածել յաջորդ քայլերու մասին, որոնք կրնան ուղղուած ըլլալ անջատման», - աւելցուցած է ան: