ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրապարակաւ աջակցութիւն յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ անոր անուանելով «մեծ բարեկամ եւ առաջնորդ»։
Թրամփ Truth Social-ի իր էջին վրայ յայտարարած է, որ Փաշինեան «իր երկիրը կը դարձնէ ուժեղ, հարուստ եւ անվտանգ» եւ կը կիսէ Հայաստանի ու ամբողջ Հարաւային Կովկասի համար իր «խաղաղութեան եւ բարգաւաճման տեսլականը»։
Թրամփի համաձայն՝ շուտով ԱՄՆ-ն եւ Հայաստանը միասին պիտի սկսին «Թրամփի միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ուղի»-ի շինարարութիւնը, որ, ըստ անոր, «պիտի վերափոխէ Հարաւային Կովկասը» եւ պիտի օգնէ ամերիկեան ուժանիւթային ընկերութիւններուն՝ Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ հասանելիութիւն ստանալու։
«Այս պատճառներով Նիկոլը ունի իմ ամբողջական եւ անվերապահ աջակցութիւնը՝ 2026 թուականի Յունիս 7-ի վերընտրութեան համար։ Նիկոլի օգնութեամբ մենք Միացեալ Նահանգները, Հայաստանը, Հարաւային Կովկասը եւ Կեդրոնական Ասիան պիտի հասցնենք աննախադէպ բարձունքներու»,- յայտարարած է Թրամփը։
Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընկերային ցանցի իր էջին վրայ բաժնեկցած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի գրառմամբ եւ շնորհակալութիւն յայտնած է անոր։
«Նախագահ Թրամփին շնորհակալ եմ բարձր գնահատականի եւ բարեկամական խօսքերի համար»,-գրած է Փաշինեանը։