Ֆրանսայի մէջ աւարտած է խորհրդարանի ընտրութեան երկրորդ փուլը:
Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին յաղթանակ տարած է «Նոր ժողովրդական ճակատ» (NPF) ձախ կուսակցութիւններու դաշինքը եւ ստացած 182 տեղ Ազգային ժողովէն ներս․ ըստ ֆրանսական լրատուամիջոցներուն՝ այդ մասին կը վկայեն երկրի ներքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական տուեալները:
Երկրորդ տեղը զբաղցուցած է նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի «Միասին» կեդրոնամէտ դաշինքը (168 տեղ), երրորդը ՝ Մարին Լը Փենի եւ Ժորտըն Պարտելլայի ծայրայեղ աջ «Ազգային միաւորում»ը (RN), որ ստացած է 143 տեղ:
Ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը կազմած է 66,63 տոկոս, ընդ որում, ոչ մէկ քաղաքական ուժ յաջողած է խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ստանալ։
Ազգային ժողովն ունի 577 պատգամաւոր, մեծամասնութեան համար անհրաժեշտ է 289 տեղ։
Վարչապետը կը հրաժարի
Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալը յայտարարած է, որ երկուշաբթի՝ յուլիս 8-ին, երկրի խորհրդարանի արտահերթ ընտրութեան երկրորդ փուլի արդիւնքի հիման վրայ հրաժարական պիտի ներկայացնէ կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնէն:
Ան յայտարարած է, որ իր կուսակցութիւնը աւելի յաջող հանդէս եկած է, քան ընտրութեան առաջին փուլին, սակայն այդ բաւարար չէ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն հաւաքելու համար:
Աթալ յայտարարած է, որ հաւատարիմ մնալով հանրապետութեան աւանդոյթներուն՝ ինքը որոշում կայացուցած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին պիտի ներկայացնէ հրաժարականի դիմում: