image

Արա Կիւլէրի մասին «Բարեւ» ժապաւէնը պիտի մասնակցի «12 Փունթօ 2024»ի փառատօնի

Արա Կիւլէրի մասին «Բարեւ» ժապաւէնը պիտի մասնակցի «12 Փունթօ 2024»ի փառատօնի

Արա Կիւլէրի մասին «Բարեւ» ժապաւէնը պիտի մասնակցի «12 Փունթօ 2024»ի փառատօնին, որ վեցերորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի «ԹՌԹ» հեռատեսիլի կայանի կողմէ։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պոլսոյ  «Նոր Մարմարա»էն, որ այդ մասին պատմելով գրած է՝

Այս շաբաթավերջին 7 Յուլիսէն մինչեւ 14 Յուլիս, շարժանկարի արուեստի սիրահարները առիթը պիտի ունենան հետեւելու բեմագրութեան եւ համատեղ արտադրութեան ամենամեծ հարթակի՝ «12 Փունթօ 2024»ի փառատօնին, որ վեցերորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի ԹՌԹ հեռատեսիլի կայանի կողմէ։

Փառատօնի դատակազմի ուշադրութեան յանձնուած են 29 երկիրներէ բեմադրիչներու, արտադրիչներու եւ շարժանկարի ոլորտի մասնագէտներու ժապաւէնները։

«Բարեւ» ժապաւէնը նոյնպէս ընդգրկուած է փառատօնի խաղարկային ծրագրին մէջ։ Այս շարժանկարի բեմագիրն է Էլա Ալեամաչ, բեմադրիչը՝ Առէն Փէրտէճի, իսկ արտադրիչը «Լոյս մետիա»ի պատասխանատուներէն Յարութիւն Գուրան։

Փառատօնի ծիրէն ներս «Պաղեստինեան շարժանկարի յատուկ բաժին»ի մէջ հանդիսատեսներ առիթը կ'ունենան դիտելու պաղեստինեան շարժանկարներ։

«12 Փունթօ-2024»ը շարժանկարի արտադրութեան առաջին եւ միակ նախագիծն է Թուրքիոյ մէջ։ Փառատօնը յառաջիկայ շաբաթ պիտի համախմբէ համաշխարհային շարժանկարի առաջատար անունները։

Դատակազմին մէջ ընդգրկուած են հանրայայտ դերասաններ Քասսան Մասուտ, վաւերագրական ժապաւէններու բեմադրիչ Ռիտի Փան, օսկարակիր բեմադրիչ Փավէլ Փավլիքովսքի, արտադրիչ Քէթ Վիլլէր եւ շարժանկարի քննադատ Ահմէտ Շավքին։