image

Լիթուանիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի ուժերու զօրավարժութիւններ

Լիթուանիոյ  մէջ ՆԱԹՕ-ի ուժերու  զօրավարժութիւններ
 Լիթուանիոյ մէջ կը կատարուին ՆԱԹՕ-ի 12 երկրի մասնակցութեամբ զօրավարժութիւններ։ Այս մասին յայտնած է  Լիթուանիոյ  բանակի հրամանատարութիւնը:

«Խօսքը «Երկաթէ գայլ 2023-1» միջազգային զօրավարժութիւններու մասին է։ Երկշաբաթեայ զօրավարժութիւններուն  Լիթուանիայէն կը մասնակցի մօտ 3500 զինուոր եւ 600 միաւոր զինատեսակ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին Պելճիքան, Չեխիան, Մեծ Բրիտանիան, ԱՄՆ-ն, Գանատան, Խրուաթիան, Լեհաստանը, Լուքսամպուրկը, Հոլանտան, Նորվեկիան, Փորթուգալը եւ Գերմանիան: