Լիտուայի մէջ կը կատարուին ՆԱԹՕ-ի 12 երկրի մասնակցութեամբ զօրավարժութիւններ։ Այս մասին յայտնած է Լիտուայի բանակի հրամանատարութիւնը:
«Խօսքը «Երկաթէ գայլ 2023-1» միջազգային զօրավարժութիւններու մասին է։ Երկշաբաթեայ զօրավարժութիւններուն Լիտուայէն կը մասնակցի մօտ 3500 զինուոր եւ 600 միաւոր զինատեսակ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին Պելճիքան, Չեխիան, Մեծ Բրիտանիան, ԱՄՆ-ն, Գանատան, Խրուաթիան, Լեհաստանը, Լուքսամպուրկը, Հոլանտան, Նորվեկիան, Փորթուգալը եւ Գերմանիան: