Ըստ Լիբանանեան փրոթոքոլին այսօր առաւօտուն երկրի նորակազմ կառավարութիւնը առած է իր առաջին պաշտօնական պատկերը։
Նկարահանումը, որուն վարչապետ Միքաթիի կողքին (դարձեալ ըստ փրոթոքոլին) ներկայ եղած են Հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աունն ու Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրին տեղի ունեցած է Պաապտայի նախագահական պալատի պարտէզին մէջ, որմէ ետք կառավարութիւնը գումարած է իր անդրանիկ նիստը։
Նշենք, որ կառավարութիւնը արդէն իսկ կազմած է յատուկ յանձնաժողով քննարկելու ու ապա խորհրդարանին ներկայացնելու իր կառավարական յայտարարութիւնը, որը ըստ օրէնքի պէտք է քննարկուի երկրի խորհրդարանին կողմէ ու դրուի քուէարկութեան, ստանալու համար խորհրդարանի վստահութեան քուէին։
Լուրը՝ «Արեւելք»ի