image

Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան առաջին պաշտօնական նկարը

 Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան առաջին  պաշտօնական նկարը

Ըստ Լիբանանեան  փրոթոքոլին   այսօր առաւօտուն երկրի նորակազմ կառավարութիւնը առած է իր առաջին պաշտօնական պատկերը։

 

 Նկարահանումը, որուն վարչապետ Միքաթիի կողքին (դարձեալ ըստ փրոթոքոլին) ներկայ եղած են  Հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աունն ու  Խորհրդարանի նախագահ  Նէպիհ Պըրրին տեղի ունեցած է Պաապտայի նախագահական պալատի պարտէզին մէջ, որմէ ետք կառավարութիւնը գումարած է իր անդրանիկ նիստը։

 

 Նշենք, որ կառավարութիւնը արդէն իսկ կազմած է յատուկ յանձնաժողով քննարկելու ու ապա խորհրդարանին ներկայացնելու իր կառավարական  յայտարարութիւնը, որը ըստ օրէնքի պէտք է քննարկուի երկրի խորհրդարանին կողմէ ու  դրուի քուէարկութեան, ստանալու համար  խորհրդարանի  վստահութեան քուէին։

 

Լուրը՝ «Արեւելք»ի