image

Լիբանանի մէջ «թէժ» ամառ մը կը սպասուի.Միշէլ Հայէք

Լիբանանի  մէջ  «թէժ» ամառ մը կը սպասուի.Միշէլ Հայէք

Լիբանանի մասին Հայէք ըսած է, որ տնտեսութիւնն ու լիրայի արժոյթը տոլարին դիմաց պիտի կայունանան եւ պիտի կատարուին ֆինանսական կարգաւորումներ։Ան շարունակած է ըսելով, որ Լիբանանին նոր «զգեստ կը կարուի», եւ մենք ականատեսը պիտի ըլլանք նոր Լիբանանի մը։ Պիտի ունենանք  նոր նախագահ, որ պիտի բերէ դրական  փոխոխութիւններ եւ այդ  բոլորը արդիւնք  պիտի ըլլան  նոր  յայտնուող ՝«Պայմանագիրներու ժամանակաշրջան»ի մը։

Լիբանանի եւ արաբական աշխարհին ծանօթ  աստղագուշակ՝ Միշէլ Հայէք, հաղորդավար  Հիշամ Հատտատին հետ «Էմ Թի Վի» հեռատեսիլի կայանէն տուած հարցազրոյցին յայտնած է շարք մը   ուշագրաւ կանխատեսումներու մասին։

Լիբանանի մասին Հայէք ըսած է, որ տնտեսութիւնն ու լիրայի արժոյթը տոլարին դիմաց պիտի կայունանան եւ պիտի կատարուին ֆինանսական կարգաւորումներ։

 

Ան շարունակած է ըսելով, որ Լիբանանին նոր «զգեստ կը կարուի», եւ մենք ականատեսը պիտի ըլլանք նոր Լիբանանի մը։ Պիտի ունենանք  նոր նախագահ, որ պիտի բերէ դրական  փոխոխութիւններ եւ այդ  բոլորը արդիւնք  պիտի ըլլան  նոր  յայտնուող ՝«Պայմանագիրներու ժամանակաշրջան»ի մը։

Հայէք աւելցուցած է, որ Լիբանանի «թէժ» ամառը նաեւ երկրաշարժի պիտի ենթարկէ Այն Ալթինէն (Խորհրդարանի նախագահ՝ Նապիհ Պըրրիի նստավայրը), որ պիտի փրկէ Լիբանանը։ Մայիս ամսուան ընթացքին պիտի բացուի   «Plan C» -ի ժամանակաշրջանը եւ   Մարոնի  եկեղեցին գլխաւորութեամբ՝ Պատրիարք Ռահիին  Պքըրքին պիտի չմնայ  «չէզոք» դիրքի մը մէջ։Մեծ որոշումով մը Լիբանանի թղթածրարի վրայի փոշին պիտի հեռացուի եւ  երկիրը  միջազգային ատեաններուն   մէջ   առաջատար դիրք պիտի զբաղեցնէ։

Խօսելով   նախագահական  թեկնածու եւ նախկին նախարար՝Ժիհատ Ազհուրի մասին, Հայք ըսած է, թէ ան Լիբանանէն դուրս պիտի չմնայ։ Իսկ  Մարոնի առաջնորդ  Ֆրանժիէն փակուղիէն դուրս պիտի գայ։ Իսկ Թայմուր Ժումպլաթի եւ իր հօր՝ Ուալիտ Ժումպլաթի միջեւ ճակատագրական համաձայնութիւն մը պիտի   գոյացուը։

Լիբանանի մէջ Ամերիկայի դեսպանուհիին մասին խօսելով, Հայէք ըսած է, թէ ան մեծ անակնկալներ պիտի յայտնէ, «դիպուկահարելով» զանազան անուններ։ Այդ անուններէն շատեր պիտի «իյնան», նոյնիսկ՝ առաջին կարգի անուններ։

 Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին խօսելով Հայէք  ըսած է, որ  Իսրայէլը դատապարտող խօսքեր պիտի տարածուին։ 

 

Սաուտ Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պըն Սալմանին մասին խօսելով  Հայէք ըսած է, որ ան պիտի այցելէ Լիբանան եւ արուեստի վերաբերեալ ծրագիր պիտի մշակէ։ Օտար երկիր մը Մուհամմէտ պըն Սալմանի «գլուխ»ը պիտի պահանջէ, սակայն պիտի չյաջողի։

Երկրաշարժներու առումով  ան ըսած է, որ ցնցումները  պատճառ դարձած են, որ երկրաշարժներու քարտէսը եւ ընդերքը փոփոխութեան ենթարկուին եւ  հետեւաբար  աշխարհը  նոր «գիծեր»ու վրայ  երկրաշարժներու ականատեսը  պիտի դառնայ եւ   Թուրքիոյ երկրաշարժէն ետք գետնին «շնչառութեան» մասին խօսքը ոչ մէկ բան կը նշանակէ եւ այս մէկը պիտի դառնայ «ահազանգ» մը։

Ան շարունակած է, որ մեր տարածաշրջանին մէջ ականատես պիտի ըլլանք ցամաքի եւ ծովու ցնցումներու, որոնցմէ քանի մը հատը նախադէպ չեն ունեցած։ Անոնց յետցնցումները շատ մեծ պիտի ըլլան եւ պիտի ազդեն հեռաւոր վայրերու վրայ։  Տարածաշրջանը ականատես պիտի ըլլայ 31 երկրաշարժներու  եւ Հոլանտայի հորիզոնին վրայ ալ պիտի ըլլայ երկրաշարժ մը։