image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ.«Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան»ի պասքեթպոլի խումբը կը շարունակէ իր փայլուն վերելքը

Լիբանանի մէջ.«Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան»ի  պասքեթպոլի խումբը կը շարունակէ  իր փայլուն  վերելքը

Մեր  ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տղոց «պասքէթպոլ»ի խումբը յաջողութեամբ աւարտած էր  Լիբանանի միջդպրոցական տղոց պասքէթպոլի մրցաշարքի առաջին հանգրուանը, գրաւելով իր խմբակին առաջին դիրքը։ Վերջին խաղը տեղի ունեցաւ 26 Մարտ, 2024-ին, «Սէն Քէօր Պոշրիէ» դպրոցին դէմ, որ աւարտեց  96-56 արդիւնքով, ի նպաստ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեանին։ Խումբը առաջին խաղը խաղացած էր «Մունսըֆ Ինթըրնաշընըլ» դպրոցին դէմ, յաղթելով 79-68 արդիւնքով, իսկ երկրորդը խաղացած՝ «Զահրաթ ալ իհսան» դպրոցին դէմ, յաղթելով 86-50 արդիւնքով։ Այս երեք վարժարաններն ալ լիբանանեան մեծ դպրոցներ են եւ բաւական ճիգ կը թափեն իրենց մարզական խումբերը զարգացնելու համար։ Երկրորդ հանգրուանին անցնելով, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը նաեւ ապահովեց «Home court advantage»ը, այսինքն երկրորդ հանգրուանի խաղերը տեղի պիտի ունենան Սուրբ Խաչ-Հարպոյեանի դաշտին վրայ, որ այս պարագային՝ ՀԲԸՄ-ի Անդրանիկ մարզադաշտն է։  

Կրկին անգամ կը շնորհաւորենք Սուրբ Խաչ-Հարպոյեանի պասքէթպոլի խումբը, խումբին  կարող մարզիչ՝  Ժոզէֆ Արապեանը եւ դպրոցի տնօրէն՝ Տիար Արամ Գարատաղլեանը։

 

Պէյրութի «Արեւելք»ի աղբիւրէն վերահասու դարձանք, որ Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարան»ի «Պասքեթպոլ»ի տղոց խումբը, յաղթելով երրորդ խաղը՝ անցած է երկրորդ հանգրուան։

 

Նախապէս «Արեւելք»ի հարթակով  հաղորդած  էինք, որ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տղոց «պասքէթպոլ»ի խումբը կը պատրաստուի մասնակցելու համալիբանանեան վարժարաններու ամէնամեայ մրցաշարքին, դառնալով միակ հայկական վարժարանը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ սոյն մրցանքին, որուն կը մասնակցին լիբանանեան յիսուն վարժարաններ։ Այսօր արդէն վերահասու դարձանք, որ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տղոց «պասքէթպոլ»ի խումբը երրորդ խաղը յաղթած եւ իր խումբին առաջինը հանդիսանալով, անցած է երկրորդ հանգրուան։ 

 

Մեր  ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տղոց «պասքէթպոլ»ի խումբը յաջողութեամբ աւարտած էր  Լիբանանի միջդպրոցական տղոց պասքէթպոլի մրցաշարքի առաջին հանգրուանը, գրաւելով իր խմբակին առաջին դիրքը։ Վերջին խաղը տեղի ունեցաւ 26 Մարտ, 2024-ին, «Սէն Քէօր Պոշրիէ» դպրոցին դէմ, որ աւարտեց  96-56 արդիւնքով, ի նպաստ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեանին։ Խումբը առաջին խաղը խաղացած էր «Մունսըֆ Ինթըրնաշընըլ» դպրոցին դէմ, յաղթելով 79-68 արդիւնքով, իսկ երկրորդը խաղացած՝ «Զահրաթ ալ իհսան» դպրոցին դէմ, յաղթելով 86-50 արդիւնքով։ Այս երեք վարժարաններն ալ լիբանանեան մեծ դպրոցներ են եւ բաւական ճիգ կը թափեն իրենց մարզական խումբերը զարգացնելու համար։ Երկրորդ հանգրուանին անցնելով, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը նաեւ ապահովեց «Home court advantage»ը, այսինքն երկրորդ հանգրուանի խաղերը տեղի պիտի ունենան Սուրբ Խաչ-Հարպոյեանի դաշտին վրայ, որ այս պարագային՝ ՀԲԸՄ-ի Անդրանիկ մարզադաշտն է։  

Կրկին անգամ կը շնորհաւորենք Սուրբ Խաչ-Հարպոյեանի «պասքէթպոլ»ի խումբը, խումբին  կարող մարզիչ՝  Ժոզէֆ Արապեանը եւ դպրոցի տնօրէն՝ Տիար Արամ Գարատաղլեանը։

 

Լիբանանահայ վարժարաններու «հայ մարդը կերտելու» դերն ու առաքելութիւնը խիստ կարեւոր է, յատկապէս ներկայ՝ տագնապալի իրավիճակին մէջ, երբ դպրոցի, անձնակազմին ու տնօրէնութեան դերը կրկնակի անգամ կ՚աւելնայ ու կ՚ընդարձակուի։ Կը հաւատանք, որ լիբանանահայութիւնը պիտի յաղթահարէ այս դժուարին հանգրուանը, այնպէս ինչպէս Սուրբ Խաչ-Հարպոյեանի «պասքէթպոլ»ի խումբը յաղթական դուրս գալով անցաւ երկրորդ՝ աւելի փայլուն հանգրուանի մը։ Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք խումբին։