image

Այսօր ԵՄ առնուազն 3 երկիր «պաղ պատերազմ» յայտարարած է Պաքուին. Ալիեւ

Այսօր ԵՄ առնուազն 3 երկիր «պաղ պատերազմ» յայտարարած է Պաքուին. Ալիեւ

Այսօր ԵՄ առնուազն 3 երկիր «պաղ պատերազմ» յայտարարած է Պաքուին, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թուրքալեզու պետութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովի ժամանակ։ Անոր խօսքերը մէջբերած է Trend լրատուական գործակալութիւնը։

«Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն եւ յատկապէս անցեալ տարուան հակաահաբեկչական գործողութենէն ետք որոշ եւրոպական երկիրներ սկսան անհիմն եւ անբարեխիղճ յարձակումներ գործել մեր վրայ։ Անոնք կը նսեմացնեն Ատրպէյճանը, ստուեր կը նետեն մեր ըրածի վրայ, սպիտակը կ՚անուանեն սեւ, սեւը` սպիտակ»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ խօսքը ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանին աջակցութեան մասին է։

Ալիեւի խօսքով՝ Պրիւքսէլի գործողութիւնները «հիմնուած են ոչ թէ միջազգային իրաւունքի չափանիշերու, այլ անձնական յաւակնութիւններու վրայ»։

«Ցաւօք, որոշ երկիրներ, որոնք կը ձգտին յատուկ տեղ զբաղցնելու Եւրոպայի մէջ, կրցան նոյնիսկ հակաատրպէյճանական դաշինք կազմել։ Այսօր ԵՄ անդամ առնուազն երեք երկիր «պաղ պատերազմ» յայտարարած է Ատրպէյճանին։ Այդ երկիրները յայտնի են»,-ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը, սակայն չէ յստակեցուցած, թէ որ պետութիւնները նկատի ունի։

Միեւնոյն ժամանակ, Ալիեւ դրական որակած է Ատրպէյճանի եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները: