Վարչապետ Հասսան Տիապի գլխաւորած նորակազմ կառավարութեան «հայկական» աթոռը վստահուած է Վարդինէ Օհանեանին։
ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած Վարդինէ Օհանեանը ընկերային ծառայութեան ոլորտին մէջ ծառայած անձնաւորութիւն է եւ մինչեւ նախարար նշանակուիլը կը վարէր յատուկ կարիքներու մասնագիտական «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնը։
Նշենք նաեւ, որ մեր ունեցած տուեալներով, Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ հայուհի մը նախարարի պաշտօն պիտի զբաղեցնէ եւ ան ստանձնած է մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը։