Ռումանիոյ իշխանութիւնները ձերբակալած են Մոհամմատ Իպրահիմ Պազզի անունով քաղաքացին ան միաժամանակ եւ Լիբանանի եւ ալ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն ունի)։
Այս մասին իմացանք «Ալ Արապիյա» կայանէն։ Աղբիւրը մասնաւորապէս կը յայտնէ, որ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցող Պազզի կը համարուի լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան կարեւորագոյն ֆինանսաւորողներէն մին։
Աւելի վաղ ԱՄՆ իշխանութիւնները յայտնած էին, որ պատրաստ են մինչեւ 10 միլիոն ամերիկեան տոլար տրամադրել այն անձերուն, որոնք Պազզիին մասին տեղեկութիւններ կը տրամադրեն։