image

Լիբանանցիք «կը սոսկան» «Թաութին» բառէն. Ինչո՞ւ

Լիբանանցիք «կը սոսկան» «Թաութին» բառէն. Ինչո՞ւ

Լիբանանցիներուն համար «սարսափազդու» համարուող այս բառը կը նշանակէ «վերաբնակեցում»: Խօսքը բնականաբար կը վերաբերի Լիբանան հաստատուած պաղեստինցիներուն, որոնք 1948-ի դէպքերուն հետեւանքով եւ ստիպուած ըլլալով լքել իրենց երկիրը Լիբանան հասան եւ հոն ալ մնացին:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի (1975) նախօրէին քիչ չեղան այն վերլուծաբանները, որոնք փորձեցին ամէն գնով «հող» եւ «գետին» պատրաստել եւ Լիբանանը «ներկայացնել», որպէս պաղեստինցիներու համար երկրորդ կամ հաւասարազօր (փոխարինող) հայրենիք: Վաղ 1970-ականներուն մասնաւորապէս Լիբանանի քրիստոնեայ թեւը «պատերազմ» յայտարարեց այդ մօտեցումին դէմ ու անոր առաջին ճակատի առաջնորդները հաւաստեցին, որ ամէն միջոցներով պիտի պայքարին իրենց համար անընդունելի ծրագրին դէմ: Պայքարի թէժացման մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ կրօնական թեման, որովհետեւ Լիբանան հասած պաղեստինցիներու մեծ տոկոսը կը պատկանէր ՝ սիւննի համայնքին: Ու այդ հարցը պատճառ դարձաւ, որ լիբանանցիներ մտահոգուին երկրի մարդագրական պատկերի փոփոխութեամբ եւ Լիբանանի համար հիմք համարուող համակեցութեան սկզբունքին ի սպառ չքացումով:

30 տարուան մեծ պատերազմներու պատճառ դարձած բնակեցման հարցը ցայսօր ալ կը շարունակէ մնալ անլոյծ: Ու այսօր պաղեստինեան հարցին վրայ աւելցած է սուրիացի փախստականներու հարցը, որոնք 2011-էն ասդին եւ բաւական մեծ թիւերով Լիբանան հասան ու ցարդ ալ կը մերժեն վերադառնալ իրենց երկիրը:

Բնականաբար այդ գաղթականներէն շատեր պիտի ուզէին իրենց երկիրը վերադառնալ, բայց կան տարբեր գործօններ, որոնք արգելք կը հանդիսանան այդ վերադարձին:

Այս բոլորէն անդին «Թաութին»ի ռումբը կը պայթէր, երբ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ շաբաթ մը առաջ կը խօսէր գաղթականներու բնակեցման եւ անոնց կեցութիւնը օրինականացնելու մասին: Խօսքը միայն Լիբանանի մասին չէր, այլ նոյնպէս Յորդանանի եւ Թուրքիոյ մասին, բայց քանի լիբանանցիներուն համար այդ բառը մեծապէս առնչուած է երկիրը արիւնաքամ ընող երկար տարիներ տեւած քաղաքացիական պատերազմին հետ, ապա բնական է, որ լիբանանցի հասարկութեան համար այդ բառին կրկնումը, կամ թեմային մասին խօսքը տագնապ պիտի ստեղծէ:

Այդ ներքին աղմուկին առաջին պոռթկումը լսելի կը դառնար Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի բերնով, երբ Լիբանանի նախագահը կտրականապէս կը մերժէր բնակեցման մասին, որեւէ թելադրանք կամ կարծիք:

«Մենք դէմ ենք վերաբնակեցման, որոնք ալ ըլլան այդ վերբնակեցուելիքները: Այս առումով, ոչ ոք կրնայ թելադրանքներ տալ մեզի» ըսած էր Աուն:

Յստակ է, որ Ուաշինկթընի նեղ շրջանակներուն կողմէ քննարկուող այս հարցին հրապարակայնացումը ամէնէն առաջ կը միտի շօշափել Լիբանանցի հասարկութեան «դիմադրողական»ութիւնը եւ դէմ դնելու կամքը:

 

Լիբանանի համար «Թաութին»ը նման է լարուած ուժանակի, որուն «պայթում»ով ալ երկիրը կրնայ մտնել անկանխատեսելի հետեւանքներու առաջնորդող նոր տագնապներու: