Անցնող օրերուն հանրութիւնը ցնցած ոճիր մը գրանցուած է Պէյրութի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան լրասփիւռներէ։
Աղբիւրները կը նշեն, որ գեղեկցութեան բազում մրցումներու մասնկացած եւ նորաձեւութեան աստղ Զէյնա Քընժո սպաննուած գտնուած է Պէյրութի իր բնակարանին մէջ։
Կը նշուի նաեւ, որ ոստիկանութիւնը դէպքէն անմիջապէս ետք հաղորդագրութիւն ստացած է, որուն հիմամբ տեղեկութիւն հաղորդուած է սպանութեան դէպքին մասին, նշելով նաեւ, որ ոճրագործութիւնը կատարողը կը պատրաստուի խոյս տալ երկրէն։
Ապահովական աղբիւրներ չեն բացառած, որ Քընժո զոհ գացած է «ընտանեկան բռնութեան», տրուած ըլլալով, որ ան վերջերս իրաւապահ մարմիններուն յայտ ներկայացուցած էր, որ կ՚ենթարկուի բռնութեան։
Կը նշուի նաեւ, որ Տուպայի եւ Պէյրութի միջեւ իր գործունէութիւնը ծաւալած լիբանանցի «թոբ մօտէլ»ը խնդիրներ ունեցած է իր ամուսնոյն հետ։
Հետաքննական աշխատանքները կը շարունակուին, իսկ Լիբանանի ընկերային ցանցերու օգտատէրեր բողոքի ձայն կը բարձրացնեն նշելով, որ «ընտանեկան բռնութեան» ոճիրներուն առընթեր թիւերու աճը սկսած է մտահոգիչ պատկեր ստանալ, առանց անոր ալ բազմապիսի տագնապներով «բեռնաւորուած» երկրին մէջ։