image
Հրատապ լուրեր:

Razi J (Ռազմիկ Ճուլֆայեան) - Ինքնութիւն, Երաժշտութիւն, Սփիւռքահայ Երգարուեստ| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #64

Razi J (Ռազմիկ Ճուլֆայեան) - Ինքնութիւն, Երաժշտութիւն, Սփիւռքահայ Երգարուեստ| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #64

⛪️🎵Մանկութեան սէրը եկեղեցիին հանդէպ․ ինչպէ՞ս եկեղեցին դարձաւ իր «կեանքի դպրոցը»։

🇱🇧🇦🇲Պուրճ Համուտը որպէս «փոքր Հայաստան»․ ինչպիսի՞ն էր հայկական միջավայրը, ուր ան մեծցած է։

🎤 Արաբերէնէն հայերէն երգեցողութեան անցնիլը․ ո՞ր արուեստագէտի խօսքը փոխեց իր ամբողջ ընթացքը։

🎙 Իսկական արուեստագէտի յատկանիշները․ ինչո՞ւ բաւարար չէ միայն մօր գովասանքը, եւ ի՞նչ պէտք է գիտնայ բեմին վրայ։

💻 Համացանցի դաժանութիւնն ու սուտ լուրերը․ ինչպէ՞ս իր մահուան մասին տարածուած լուրը ցաւ պատճառեց մօրը։

❤️ Իրար սիրելու եւ աջակցելու կարեւորութիւնը․ ինչո՞ւ հայերը պէտք է միասնական ըլլան, քանի որ թիւով քիչ են։

⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան «Եկէք անկեղծ խօսինք» փոթքասթին հիւրընկալած է երգիչ, մշակութային, համայնքային գործիչ Ռազմիկ Ճուլֆայեանին (Razi J):