Կարգ մը լրատուական ծառայութիւններ կը հաղորդեն, որ այս հրաժարականը որբ պիտի չմնայ եւ յառաջիկային ալ նոր հրաժարականներ պիտի ըլլան։ |
|
Ի բողոք երկրի քաղաքական ընդհանուր դաշտին մէջ տիրող անորոշութեան լիբանանեան «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան անդամ 3 պատգամաւորներ այսօր հրաժարական տուին։
Նշենք, որ հրաժարականին մասին առաջինը խօսեցաւ «Փաղանգաւոր»ներու կուսակցապետ Սամի Ժըմայէլ պայթումին հետեւանքով զոհուած Նազար Նաճարեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին։
Նշենք, որ հրաժարական տուող պատգամաւորներն են ՝ Սամիր Ժըմայէլ, Նատիմ Ժըմայէլ եւ Էլիաս Հանքաշ։
Կարգ մը լրատուական ծառայութիւններ կը հաղորդեն, որ այս հրաժարականը որբ պիտի չմնայ եւ յառաջիկային ալ նոր հրաժարականներ պիտի ըլլան։
Յիշեցնենք, որ «Փաղանգաւոր» կուասկցութիւնը հիմնադրուած է վաղ 40-ականներուն, ներկայիս կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժըմայէլի մեծ հօր ՝ Փիէռ Ժըմայէլի ճիգերով։