image

Լիբանան. Բանակի հրամանատարի հարցը եւ ԱՄՆ-ի նոր «մղումներ»ը

Լիբանան. Բանակի հրամանատարի հարցը  եւ ԱՄՆ-ի նոր «մղումներ»ը

Ու այստեղ է նաեւ, որ կը բացուի հարցումներու «Բանտորա»ի մեծ տուփը, որուն մէջ ալ շեշտակիօրէն սեղանին կը դրուին ՝ նախագահի ընտրութեան հարցը, «Հեզպոլլա»ի ապօրինի զէնքի խնդիրը, Իսրայէլի հետ համաձայնութեան մը գալու հեռանկարը եւ Լիբանանեան Իրանի ամբողջական ազդեցութեան աքցանէն դուրս հանելու հիմնախնդիրը։ 

Լիբանանի պարագային թիւով շատ են այն փուլերը, երբ ամերիկացիք «երեսի վրայ» ձգած են փոքրիկ Լիբանանը եւ գործակցած այն ուժերուն հետ, որոնք կը համարուի Լիբանանի «հովանաւորներ», սակայն այս փուլը կրնայ տարբերիլ մօտիկ անցեալի ընդհանուր վիճակէն, որովհետեւ շատ բան փոխուած է եւ դեռ ալ պիտի փոխուի Մերձաւոր Արեւելքի աւազանին մէջ

 

Ակներեւ է, որ Լիբանանի պետական մարմիններու «կազմալուծում»ը կը շարունակուի մեծ թափով։ 

Այն կողմերը, որ կը սատարեն այս մօտեցումին տեղեակ ալ չեն, որ եթէ Լիբանանի կառավարական մարմինները ամբողջապէս փլուզուին, ապա այդ վարչական մարմիններու փլատակներուն տակ պիտի մնան եւ շնչահեղձ ալ դառնան բոլորը։

Հիմա խնդիրը միայն Միջազգային կառոյցներու եւ յատկապէս Միջազգային Դրամատան ֆոնտին եւ Լիբանանի կառավարութեան միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները չեն, այլ խօսքը կը վերաբերի երկրի բանակին, որ գէշ-աղէկ կը շարունակէ պահել ու պահպանել Լիբանանի անվտանգութիւնը։

Այստեղ ի հարկէ չպէտք է անտես առնել այն կարեւոր փաստը, ըստ որուն հազարաւոր զինուորներ արդէն իսկ լքած-հեռացած են բանակէն, իսկ այլ հազարաւորներ ալ իրենց «գոյութիւնը կը պահպանեն» բանակի մէջ իրենց պարտականութիւնները կատարելու կողքին, այլ երկրորդ կամ նոյնիսկ երրորդ աշխատանք մը կատարելով։

Բանակին կողմէ տրուած ամսավճառները դարձած են արժէզրկուած գումարներ, տրուած ըլլալով, որ  դեռ երէկ 1500 լիբանանեան ոսկիով վաճառուող մէկ ամերիկեան տոլարը կարելի է գնել վճարելով հարիւր հազար լիբանանաեան ոսկի։

Այս բոլորը անշուշտ բանակի վիճակը դարձուցին աւելի խոցելի, հակառակ անոր, որ լիբանանցիներու մեծ մասը, ոչ միայն յարգանք կը տածէ բանակին հանդէպ, այլ երկրի անվտանգութեան թիւ մէկ հովանաւորը կը համարէ այդ կառոյցը։ 

Այստեղ պատմական արագ ակնարկ մը նետելով հարկ է անշուշտ ամրագրել այն փաստը, որ Լիբանանի մէջ ծագած ցանկացած ճգնաժամի պարագային, երբ կրօնական հիմքերով բանակը «կ՚իսուի», ապա այդ վիճակը կրնայ երկրին մէջ առկայ տարաձայնութիւնները աւելիով շէկացնել եւ կրակ տալ համընդհանուր բախումներու։

Նոյնը եղած է Լիբանանը հարուածած քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրերուն, երբ սիւննի մեծամասնութիւն ունեցող բանակի փաղանգները հեռացան կեդրոնական հրամանատարութիւնէն եւ ստեղծեցին տեղական-համայնքային դրուածքով գործող ջոկատներ։

Իմ յիշողութեանս մէջ վառ է տակաւին «6-րդ փաղանգ»ի,   «8-րդ փաղանգ»ի պարագաները, երբ անոնցմէ առաջինը ամբողջութեամբ ծառայեց սիւննի համայնքին, իսկ երկրորդ դարձաւ Մարոնի քրիստոնեաներու հիմնական ուժը։

Ճիշդ է, որ բոլոր պարագաներուն ալ այդ ջոկատներուն մէջ եղան, ոչ սիւննի, կամ ոչ մարոնիթ զինուորներ, սակայն էականը այդ պարագային միայն բաժանումը չէր, այլ գաղափարական ընկալումն էր, որ նաեւ պայմանաւորուած էր, ոչ միայն արտաքին արեւելումներով, այլ նաեւ տուեալ ջոկատի գլխաւոր հրամանատարի անձին հանդէպ առկայ սիրով ու հաւատարմութեամբ։ 

 Ու արդարեւ քանի- քանի իսլամ զինուորներ շարունակեցին ծառայել -րդ փաղանգ»ին մէջ ու զէնք բարձրացուցին իրենց իսլամ եղբայրներուն դէմ, որովհետեւ հաւատացին իրենց համար նուիրականացած նոյն ջոկատի հրամատանտարի առաքելութեան եւ գաղափարի մաքրութեան։

Այս բոլորը նշեցի անգամ մը եւս ամրագրելու համար, որ Լիբանան երկրի միասնականութեան եւ անվտանգութեան հիմնական բանալին կը շարունակէ մնալ երկրի բանակին ձեռքը, որ այսօր յայտնուած է բաւական դժուար փուլի մը առջեւ։

Խնդիրն այն է, որ բանակը իր կառուցուածքով, իր սպաներու կրթութեամբ ու ստացած կամ ունեցած սպառազինութեամբ կը համարուի Ամերիկայի թեւերուն տակ աճած բանակ մը, հակառակ անոր որ վերջին տարիներուն Միացեալ Նահանգներ շատ քիչ բան կատարեց ապահովելու համար լիբանանեան բանակին արդիականութիւնը։

Այդ մօտեցման մէջ կար վստահօրէն Իսրայէլին «հաշիւը ընել»ու խնդիրը, որովհետեւ ոչ մէկ պարագայի ԱՄՆ-ի համար ձեռնտու էր, որ Իսրայէլ-Լիբանան սահմանի անվտանգութիւնը ապահովող բանակը դառնայ ուժեղ եւ տիրական գործօն։

Այսօր սակայն կը թուի, որ ԱՄՆ-ի համար փոխուած են առաջնահերթութիւնները, եւ ըստ երեւոյթին քաղաքական ենթաշերտով «մաքուր ամերիկեան» համարուող Լիբանանի բանակը պարագան սկսած է նաեւ իր մէջ ներառնել տարբեր եւ կարեւոր ուղղութիւններ։

Միացեալ Նահանգներ, որ ի հարկէ կ՚ուզէ լուծել «Հեզպոլլահ»ի հարցը, եւ միեւնոյն ժամանակ այդ դրուածքով գաղտնի բանակցութիւններ կը վարէ Իրանի հետ, սկսած է հասկնալ, որ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային գօտին այս ընթացքով չպէտք է շարունակուի։

Նոյն ոճով կը խորհին Թէլ Աւիւի մէջ, որովհետեւ նախքան Կազայի այս պատերազմը, իսրայէլացիք միշտ ալ օրակարգ դարձուցած են իրանեան նեցուկով «պալիսթեան» հրթիռներու մեծ շտեմարան ունեցած «Հեզպոլլահ»ի պարագան։ 

Ճիշդ է, որ «պալիսթեան» հեռահար հրթիռներու խնդիրը միշտ ալ եղած է Թեհրան- Ուաշինկթըն բանակցութեան սեղանին, բայց այդքանը չի բաւէր, որպէսզի Թէլ Աւիւ հանգիստ շնչէ եւ մտահոգութիւններ չունենայ իր հիւսիսային սահմաններէն։

Հետեւաբար այս դրուածքներն են, որ խորքային գետին մը կը ստեղծեն, որ ԱՄՆ ամէն գնով մտածէ Լիբանանեան բանակը հզօրացնելու մասին, իսկ եթէ այդ մէկը նպատակայարմար չէ այս փուլին, ապա Ուաշինկթընի համար այնքան կարեւոր է, որ բանակին մէջ ունեցած իր քարտերը պահպանել ու այդ քարտերով ալ խաղի նոր կանոններ թելադրել։

Ի հարկէ այս թեման աւելիով երեւելի կը դառնար, որովհետեւ օրեր անց իր աւարտին պիտի հասնի լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնավարման աւարտը, որ ներկայիս երկրին մէջ դարձած է քաղաքական տիրական օրակարգ մը։

Լիբանանի իրանամէտ կողմեր, (յատկապէս «Հեզպոլլահ»ն ու երկրի խորհրդարանի նախագահը) եկած են այն ներքին համոզման, որ ժամ առաջ պէտք է ձերբազատուիլ բանակի ընդհանուր հրամանատարէն ու անոր աթոռի թափուր մնալու պարագային գոհանալ սպայակոյտի նոր պետի մը նշանակումով, որ պիտի համարուի «իրենց մարդ»ը։

Այս գործառոյթը հեռու պահելու համար համայնքային յաւելեալ լարումէ (որովհետեւ Լիբանանի մէջ եւ ըստ գործող սահմանադրութեան բանակի հրամանատարը, ինչպէս նաեւ նախագահի պաշտօնը պէտք է բացառաբար զբաղեցուին Մարոնի համայնքի ներկայացուցիչներով) իրենց փափաքի «գնդակ»ը նետեցին երկրի նախկին նախագահ ՝ «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութեան ղեկավար՝ Ժըպրան Պասիլի դաշտ, որ բանակի գործող հրամանատարին մէջ միշտ ալ տեսած է «բնական» մրցակից մը կապուած երկրի նախագահական աթոռին։

Միւս կողմէ բանակի հրամանատարի պաշտօնավարութեան երկարձգման կողմ արտայայտուեցան երկրի ընդդիմադիր ՝ Մարոնի եւ Սիւննի ( ոչ մեծամասնութեամբ) ուժերը, եւ եղան ուժեր, որ երկիրը յաւելալ ճգնաժամներէ հեռու պահելու գնով կողմ արտայայտուեցան զօր. Աունի պաշտօնավարութեան երկարաձգման։

Այս բոլորի լոյսին ներքոյ յստակ էր նաեւ, որ ներքին հիմքեր ունեցող այս լարուածութիւնը ունի արտաքին «որոշիչ» ազդակներ, նաեւ այն պատճառով, որ ներկայ փուլին լիբանանեան բանակի «հիմնական» գաղափարական հայրը ՝ Միացեալ Նահանգներն է։

Պատմութեան պէտք է երթալ աւելիով հասկնալու համար բանակի յարաբերութիւնն ու կապը ամերիկացիներուն հետ, որոնք տարբեր փուլերու ալ միշտ կողմ եղած են, որ լիբանանեան բանակի հրամատանատրներ պաշտօնաթող ըլլալէ անմիջապէս ետք զբաղեցնեն քաղաքական պաշտօններ, կամ նոյնիսկ իրենց պաշտօնավարութեան ժամանակ ընտրուին երկրի նախագահներ։

Այդպիսի փայլուն օրինակ կարելի է համարել վերջին քսան տարիներուն Լիբանանի նախագահի պաշտօն վարած զօր. Էմիլ Լահուտի, ինչպէս նաեւ զօր. Միշէլ Սուլայմանի պարագաները, որոնք բնականաբար ունեցան երկրի «Դիմադրութեան ճակատ»ի նեցուկը, բայց եւ այնպէս պահպանեցին Լիբանանի կապը ամերիկացիներուն հետ։

Ի դէպ մինչեւ 1960-ականներու աւարտը Լիբանան կը համարուէր «Ամերիկեան հովանաւորութիւն» ունեցող երկիր եւ այդ առումով մեծ եղած է ամերիկացիներու դերը ստեղծելու, եւ ուժեղացնելու բանակի ընդհանուր համակարգը, որ ցաւալիօրէն չկարողացաւ դէմ դնել ներ-համայնքային փոթորիկներուն, ու նաեւ թիրախ դարձաւ արաբ-պաղեստինեան հարուածներուն ու բաժանարար ճիգերուն։

Այդ փուլէն ետք ալ ամերիկեան դերը սկսաւ ապրիլ նահանջ մը, մինչեւ ութսանականներու սկիզբ,երբ դարձեալ իսլամական (առաւելաբար շիիթ) ճնշումներուն ու նաեւ  խաղաղապահ Ամերիկեան  եւ Ֆրանսական    խաղաղապահ ուժերու  կեդրոնի ռմբահարման  դէպքէն ետք (1983 -ին, ուր զոհուեցան  ամերիկեան բանակի աւելի քան 250 զինուորներ), ամերիկացիք սկսան նահանջել։

Աւելի  ուշ   ԱՄՆ Սուրիոյ իշխանութիւններուն ու յատկապէս նախագահ Հաֆէզ Ասատին որպէս «նուէր» յանձնեց  Լիբանանը եւ անոր «ներքին գործեր»ը վերահսկելու գործընթացը։ Ի դէպ ամերիկացիք այդ որոշումը առին առ ի «հատուցում» Ասատի Քույէթ-Իրաք պատերազմին ու անկէ ետք Իրաքի դէմ ամերիկեան քաղաքական եւ ռազմական գործընթացներուն առընթեր վերջինիս ունեցած կեցուածքներուն եւ ցուցաբերած նեցուկին համար։

Ամէն պարագայի այս բոլորը նշելէ ետք, ներկայիս աւելի քան յստակ սկսած է դառնալ, որ ամերիկացիք ամէն գնով կ՚ուզեն իրենց «ենթակայութեան» տակ պահել կամ մասնակի հովանաւորութիւնը տարածել բանակին ու անոր բարձր հրամանատարութեան վրայ։ 

Ու այստեղ է նաեւ, որ կը բացուի հարցումներու «Բանտորա»ի մեծ տուփը, որուն մէջ ալ շեշտակիօրէն սեղանին կը դրուին ՝ նախագահի ընտրութեան հարցը, «Հեզպոլլա»ի ապօրինի զէնքի խնդիրը, Իսրայէլի հետ համաձայնութեան մը գալու հեռանկարը եւ Լիբանանեան Իրանի ամբողջական ազդեցութեան աքցանէն դուրս հանելու հիմնախնդիրը։ 

Լիբանանի պարագային թիւով շատ են այն փուլերը, երբ ամերիկացիք «երեսի վրայ» ձգած են փոքրիկ Լիբանանը եւ գործակցած այն ուժերուն հետ, որոնք կը համարուի Լիբանանի «հովանաւորներ», սակայն այս փուլը կրնայ տարբերիլ մօտիկ անցեալի ընդհանուր վիճակէն, որովհետեւ շատ բան փոխուած է եւ դեռ ալ պիտի փոխուի Մերձաւոր Արեւելքի աւազանին մէջ։

 

 Սագօ Արեան 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...