Շարահիւսութիւն
Դերբայներ եւ դերբայակերպներ (բ)
--ince
Ուղղակի աւելնալով բայարմատին վրայ՝ կը կազմէ դերբայակերպ մը, որ ցոյց կու տայ դիմաւոր բային գործողութեան մեկնարկը, սկ իզբը. կարելի է ըսել՝ երկուքին միջեւ կը գտնուի պատճառահետեւանքային թոյլ առնչութիւն մը. օրինակ՝
Zil çalınca çocuklar koşarlar.
Զանգը հնչելուն պէս փոքրիկները կը վազեն:
Yağmur yağinca herkeş evine döndü.
Անձրեւ տեղալուն պէս ամէն ոք իր տունին դարձաւ:
Eve gelince dersini öğrenmeğe başladı.
Տունին գալուն պէս դասը սորվելու[1] սկսաւ:
Karanlıkta sokağa çıkınca kendine dikkat et.
Մութին փողոցին ելլելու(դ) պէս ինքնիրենիդ ուշադրութիւն ըրէ:
Ուրեմն գալ եւ դառնալ բայերը թրքերէնի մէջ տրական հոլով տեղի պարագայ կը պահանջեն:
Գալուն պէս-ը կարելի է փոխարինել հազիւ եկած-ով:
Աշխարհաբարի այս երկու ոճերը հաւասարապէս յառաջացած են թրքերէնի այս դերբայը թարգմանելու պահանջէն, այլապէս գրաբարը չունէր ասոնք: Միւս կողմէ՝ սկսիլ բայը թրքերէնի մէջ մի՛այն տրական հոլով խնդիր կը պահանջէ՝ սորվելու. Մինչ հայերէնի մէջ ան աւելի շատ ներգործական էր ի հնուց անտի, եւ թրքերէնի ազդեցութեամբ հետզհետէ չէզոքացաւ ու սկսաւ տրական հոլով խնդիր առնել: Հիմա, որ թրքերէնի ազդեցութիւնը այլեւս գրեթէ չէզոքացած է, ան վերսկսած է հայցական հոլով խնդիր առնել, մասնաւորաբար անորոշ դերբայ՝ սկսիլ երգել, սորվիլ, նաեւ՝ սկսիլ պատմութիւնը եւ այլն:
Ince-ի առաջին ձայնաւորը՝i, քառափոփոխ է, մինչ վերջին ձայնաւորը երկձեւ է՝ e եւ a, եւ կը ներդանակի առաջինին հետ:
gel.ince al.ınca tut.unca gör.ünca
գալով առնելով բռնելով տեսնելով
--dıkça
Ուղիղ կ’աւելնայ բայարմատին վրայ:
Զայն կրող դերբային կը համապատասխանէ սովորութիւն, ընդհուպ՝ ուղիղ հետեւանք դարձած գործողութիւն ցոյց տուող դիմաւոր բայ մը. օրինակ՝
Okudukça öğreniyor.
Քանի կարդայ՝ կը սորվի կոր:
Çalıştıkça daha başarılı olacaksınız.
Քանի աշխատիք (այնքան) աւելի յաջող պիտի ըլլաք:
Böyle haberleri işittikçe deliye dönüyorum.
Այսպիսի լուրերը լսելու(ս) պէս խենթի կը վերածուիմ կոր:
Onun yuzuna bakdıkça kalbim parçalanıyor.
Անոր երեսին քանի նայիմ՝ սիրտս կը բզկտուի կոր:
Teyzem köyümüze geldikçe benim için bayram olur.
Հօրաքոյրս գիւղերնիս քանի գայ իմ համար տօն կ’ըլլայ:
Նախորդին պէս այս ածանցը եւս կը կրէ երկու հնչիւնափոխութիւն. առաջին ձայնաւորը՝ ı, քառափոփոխ է եւ կը հետեւի բայարմատի թելադրանքին, իսկ երկրորդ ձայնաւորը երկփոփոխ է եւ կը հետեւի ածանցի առաջին ձայնաւորի թելադրանքին: bak.dıkça ver.dikçe dur.dukça gül.dükçe
նայելով տալով կենալով խնդալով
--bakar bakmaz
Բառացի կը նշանակէ կը նայի-չի նայիր:
Իսկ հայեցի կը նշանակէ նայած-չնայած, այլ խօսքով՝ հազիւ նայած:
Ասոնք պատահաբար առնուած բայաձեւեր են. մեզ հետաքրքրողը սկզբունքն է, որ յատուկ է բոլոր բայերուն անխտիր:
Ուրեմն ունինք bakmak “նայիլ” բայի ներկայի եզակի երրորդ դէմքը.
bakarım bakarsın bakar
Իսկ միւսը ասոր ժխտականն է.
bakmam bakman bakmaz
Ինչպէս որ հայեցի թարգմանութիւնը դէմք չունի, այնպէս է պարագան նաեւ թրքերէն տարբերակին. այդ դէմքը գուշակելի է. ան կը նոյնանայ նախադասութեան դիմաւոր բայով. օրինակ՝
Bakar bakmaz tanıdı beni.
Նայած-չնայած ճանչցաւ զիս:
Bakar bakmaz tanıdım onu.
Նայած-չնայած ճանչցայ զայն:
Առաջինին մէջ նայողը ան է, երկրորդին մէջ նայողը ես եմ:
Այս նոյն կաղապարով կը կազմուին անհամար կառոյցներ.
--Gelir gelmez aziet veriyor bize = Եկած-չեկած նեղութիւն կու տայ կոր մեզի
--Alır almaz ağzına koydu = Առած-չառած բերանին դրաւ
Արմենակ Եղիայեան