Մուսա Լեռցի մարզիկ Լեւոն Թաշճեան առաջին դիրքը գրաւած է Լիբանանի Հարամուն շրջանին մէջ եղած Մարաթոնին:
10 քմ վազքի այս մրցումին մասնակցեցան 2700-է աւելի երկսեռ մարզիկներ Լիբանանեան բանակէն, Ֆիւնիւլի ուժերէն, մարզական տարբեր ակումբներէ եւ շարք մը վարժարաններէ:
Առաւօտեան ժամը 9:00-ին սկսած վազքի այս մրցումը աւարտեցաւ նոյն շրջանին` Հարամուն քաղաքի Սուք Խան հրապարակին վրայ:
Լեւոն Թաշեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Այնճարը, 10 քմ վազքի այս մրցումը աւարտեց 55 վայրկեանէն եւ իր տարիքային խմբաւորումին մէջ գրաւեց առաջին դիրքը: Վազքի այս մրցումը կը հովանաւորէր երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի,որ անձամբ մրցանակը յանձնեց հայ ՀՄԸՄ –ական մարզիկին:
Լուրի աղբիւր՝ «Ազդակ»