Լեւոն Քոչարեանի օգնական Արթուր Սուքոյեանը ձերբակալած են։
Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած է Քննչական Կոմիտէի մամուլի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանը։
«Սուքոյեանին ներկայացուեց մեղադրանք, թէ վերջինս Civic.am-ի լրագրող Դաւիթ Լեւոնեանի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու եղանակով խոչընդոտել է նրա մասնագիտական գործունէութիւնը՝ հարկադրելով տեղեկութիւններ տարածելուց հրաժարուելուն»,- աւելի վաղ գրած էր պաշտպան Էրիկ Ալեքսանեանը։
Արթուր Սուքոյեանը չէ ընդունած իրեն առաջադրուած մեղադրանքը։