image

Շուտափոյթ ապաքինում՝ Պենոն Սեւանին

  Շուտափոյթ ապաքինում՝ Պենոն Սեւանին

Կիպրահայ Պենոն Սեւան ինկած է եւ վնասած՝ աջ ոտքը

Հանրայայտ դիւանագէտ եւ մեր բարեկամ Պենոն Սեւան դժբախտ պատահարի մը հետեւանքով ինկած է եւ վնասած իր աջ ոտքը։

Ինչպէս «Արեւելք» կը տեղեկանայ իր մօտիկ բարեկամներէն, Պենոն Սեւան  օրերս ինկած է, որուն հետեւանքով աջ ոտքին մէջ ուժեղ ցաւեր զգացած է եւ տեղափոխուած է American Medical Center։

Կատարուած  քննութենէն ետք բժիշկները յայտնած են, որ աջ ոտքին վրայ կան քանի մը ճաքեր, որոնք հաւանաբար պատճառ հանդիսացած են նաեւ անկումին։ Անոր բժիշկը, որ նախապէս կատարած էր անոր ձախ ազդրի վիրահատութիւնը, այցելած է զինք եւ յայտնած, որ ներկայիս ազդրի փոխարինման վիրահատութեան անհրաժեշտութիւն չկայ։

 Աւելի ուշ ան ենթարկուած է վիրաբուժական գործողութեան եւ ներկայիս կը գտնուի  բժիշկներու խնամքին տակ։ 

«Արեւելք»ի խմբագրութիւնը ջերմօրէն կը մաղթէ Պենոն Սեւանին շուտափոյթ եւ ամբողջական ապաքինում՝ վստահ ըլլալով։

Բարի՛ ապաքինում, սիրելի՛ Պենոն։