image

Ի՞նչ պայմմաններու ներքոյ պատրաստ է բանալ «Հորմուզ»ի նեղուցքը

Ի՞նչ պայմմաններու ներքոյ պատրաստ է բանալ «Հորմուզ»ի նեղուցքը

Իրանի իշխանութիւնները Հորմուզի նեղուցը նաւագնացութեան համար պիտի բանան միայն այն պարագային, եթէ ԱՄՆ-ը ընդունի Թեհրանի պայմանները եւ դադրի միջամտելէ տարածաշրջանի ներքին գործերուն։ Այս մասին յայտարարած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ներկայացուցիչ Հոսէյն Մոհեպին։

«Հորմուզի նեղուցի բացումը կախուած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի պայմաններուն լիակատար ընդունումէն եւ տարածաշրջանային բանակցութիւններու գործընթացին միջամտելէ ամերիկեան կողմի հրաժարումէն։ Հազիւ որ ԱՄՆ-ը ընդունի Իրանի պայմանները, Հորմուզի նեղուցը, անկասկած, պիտի բացուի», ըսած է ան։

Օգոստոս 5-ին Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային յայտարարած էր, որ Իրանն ու Օմանը համաձայնեցուցած են Հորմուզի նեղուցով նոր երթուղիի աշխարհագրական կէտերը։ Միաժամանակ, ան ընդգծած էր, որ Թեհրանի եւ Մասքաթի միջեւ նախատեսուող համաձայնութիւնը չենթադրեր նեղուցի անմիջական բացումը. այդ հարցը կախուած է ԱՄՆ-ի գործողութիւններէն։