Ալիքի աղբիւրի փոխանցմամբ՝ հայկական ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեանը հանդէս պիտի գայ ԱՄՆ դրօշի ներքոյ:
Վարչապետ դառնալու առաջին ամիսներուն Փաշինեանը հանդիպած է Արոնեանին եւ խոստացած, որ պիտի լուծէ գերհզօր համակարգիչի ձեռքբերման եւ անձնական մարզիչի ֆինանասաւորման հարցը, որպէսզի Լեւոնը կարողանայ լիարժէք պատրաստուիլ աշխարհի ախոյեանի յաւակնորդներու առաջիկայ մրցաշարին, բայց ինչպէս սպասելի է, ան իր խոստումը չէ կատարած, գրած է ալիքը: