image

Լաւրով պիտի այցելէ Թուրքիա. Օրակարգին է նաեւ հայ-թրքական գործընթացը

Լաւրով պիտի այցելէ Թուրքիա. Օրակարգին է նաեւ հայ-թրքական գործընթացը

Ապրիլ 6-7-ին Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը պիտի այցելէ Թուրքիա՝ իր թուրք գործընկեր Մեւլութ Չաւուշօղլուի հրաւէրով։ Լաւրով պիտի մասնակցի բանակցութիւններուն, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուի երկկողմ եւ միջազգային օրակարգի թեմաներու լայն շրջանակ, յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Այցի ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր։ Պիտի կայանայ Ուքրանիոյ, Անդրկովկասի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Սեւծովեան տարածաշրջանի իրավիճակի հարցով «համաժամանակեցում»։

Նախարարները տեսակէտներ պիտի փոխանակեն ուքրանական ճգնաժամին մէջ առկայ իրադրութեան վերաբերեալ, պիտի քննարկեն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման սկզբունքներն ու ուղիները, որոնք հնարաւոր են բացառապէս Քիեւի կողմէ ռուսական շահերն ու մտահոգութիւնները հաշուի առնելու պայմանով։ Պիտի քննարկուի նաեւ «հացահատիկային գործարքը» կեանքի կոչելու հետ կապուած իրավիճակը։ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարները մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնեն Մոսկուայի մէջ մեկնարկած թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու կարգաւորման։          

Անդրադարձ պիտի կատարուի քառակողմ ձեւաչափով Անգարային եւ Դամասկոսին աջակցութիւն ցուցաբերելու քայլերուն՝ որպէս «Աստանայի գործընթացի» երաշխաւոր երկիր Իրանի մասնակցութեամբ։ Կը նախատեսուի մանրամասն մշակել Անդրկովկասի մէջ համագործակցութեան խորացման, այդ շարքին՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման, փոխադրային հաղորդակցութեան եւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, տարածաշրջանի վերականգնման հարցերը:

Բանակցութիւններու ընթացքին նախարարները պիտի կեդրոնանան նաեւ երկկողմ առեւտրատնտեսական կապերու, ուժանիւթի ոլորտի մէջ փոխգործակցութեան ընդլայնման ուղիներու քննարկման վրայ: Անդրադարձ պիտի ըլլայ ռազմավարական այնպիսի նախագիծերու շուրջ համատեղ աշխատանքին, ինչպիսիք են «Աքքույու» աթոմակայանի կառուցումը, «Թրքական հոսք» կազատարի շահագործումը։