image

Լաւրով կը շեշտէ, թէ իրենք պատրաստ են բանակցութիւններու

Լաւրով  կը շեշտէ, թէ իրենք  պատրաստ են  բանակցութիւններու

Ռուսական կողմը Ուքրանիայէն դեռ տեղեկութիւններ չէ ստացած բանակցութիւններու երրորդ փուլը կատարելու ժամկէտներուն վերաբերեալ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով:

«Դեռ նոր ժամկէտներ չենք ստացած: Ինչպէս յայտնի էր մեր Ուքրանացի գործընկերներուն, մենք պատրաստ էինք դեռ երէկ երեկոյեան կատարելու երրորդ փուլը»,- ըսած է Լաւրով: Ան յայտարարած է, որ Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններու հեռանկարին հետ կապուած իրադրութիւնը տարօրինակ կը թուի, քանի որ Ուքրանական կողմը անընդհատ պատճառներ կը փնտռէ յետաձգելու հերթական հանդիպումը:

«Այնպէս կը թուի թէ բոլորը հետաքրքրուած են հնարաւորինս արագ հասնելու համաձայնութեան իրադրութեան կարգաւորման շուրջ: Սակայն միւս կողմէ, կարծես թէ ամենաշահագրգիռ կողմը՝ Ուքրանականը, տեւական ինչ որ պատրուակներ կը յօրինէ՝ յետաձգելու հերթական հանդիպումը»,- ըսած է ԱԳ նախարարը: