image

Լաւրով ասուլիսի ժամանակ Ատրպէյճանի Կապալա քաղաքը անուանած է հայկական

Լաւրով ասուլիսի ժամանակ Ատրպէյճանի Կապալա քաղաքը անուանած է հայկական

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Սամարղանտի մէջ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստէն ետք շարք մը յայտարարութիւններ ըրած է լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու համար:

«Որոշում կայացուած է, որ այս տարի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) մարզական մայրաքաղաք պիտի ըլլայ Մինսքը, իսկ 2024-ին՝ հայկական Գիւմրին: Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երիտասարդական մայրաքաղաքներու մասով... յաջորդ տարի պիտի ըլլայ Թաշքենտը, 2025-ին՝ հայկական Կապալան, 2026-ին՝ հայկական Ղափանը», -ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարը՝ ատրպէյճանական Կապալան անուանելով հայկական: