image

Լաչինի միջանցքի հարցով քննարկումները կը շարունակուին. Ռուսիոյ ՊՆ

Լաչինի միջանցքի հարցով քննարկումները կը  շարունակուին. Ռուսիոյ ՊՆ

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին նշուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ աղբիւրի՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներու կողմէ 30 դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ վերահսկողութիւն եւ կրակի դադրեցման ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւն կ'իրականացուի:

Նշուած է, որ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցային գործընթացը հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու հետ՝ Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով (Լաչինի միջանցքով - խմբ.) մեքենաներու փոխադրութեան անխոչընդոտ շարժը վերսկսելու վերաբերեալ։

«Իրականացուած է մարդասիրական բեռով մէկ շարասիւնի ուղեկցում Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով։

Պարեկութիւն իրականացուած է Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ երեք երթուղիներով։

Ստեփանակերտի մանկական վերականգնողական կեդրոնին մէջ կայացած է սնունդի տրամադրման մարդասիրական արշաւ:

Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու նպատակով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներու հետ շարունակական փոխգործակցութիւնը կը պահպանուի»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: