Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նշուած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներու կողմէ 30 դիտակէտերու վրայ իրադրութեան շուրջօրեայ վերահսկողութիւն եւ կրակի դադրեցման ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւն կ'իրականացուի:
«Զօրախումբի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու հետ՝ Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով (Լաչինի միջանցք – խմբ.) փոխադրային միջոցներու երթեւեկութիւնը վերականգնելու հարցով»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Շուշիի, Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջաններուն մէջ պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով։
Կը հաղորդուի, որ Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի մեքենաները՝ բռնուած մարդասիրական օգնութեամբ, անցած են Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհով։