Անցեալ երկու շաբաթները ճգնաժամային եղան Էրեբունիի մէջ ծաւալած իրադարձութիւններուն հետեւող համայն հայութեան համար: Զինեալ մարդիկ ներխուժեցին այդ շրջանի ոստիկանութեան կեդրոնը, գրաւեցին զայն ու ճակատումի դուրս եկան իշխանութեանց դէմ: Այս ճգնաժամը կառավարութեան դէմ ցոյցեր սկսելու դրդապատճառ եղաւ: Մինչեւ այս իրադարձութեանց աւարտը, երկու ոստիկաններ սպաննուեցան եւ տասնեակներով քաղաքացիներ վիրաւորուեցան: Բազմաթիւ հարցականներ այսօր կը յուզեն մեզ, ու տակաւին պէտք է գտնել պատասխանը, թէ այս կէտէն դէպի ո՛ւր պիտի շարժինք:
Իբրեւ սփիւռքեան համայնք, մենք միշտ գիտակից ենք, որ հայաստանեան իրադարձութիւնները ըմբռնելու եւ անոնց մեր մասնակցութիւնը ճիշդ հունաւորելու համար պարտինք լայնօրէն իրազեկուիլ անոնց մասին: Այսուհանդերձ, մեր մասնակցութիւնը հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի առօրեային երբե՛ք չէ եղած վաղանցուկ երեւոյթ մը, որ մերթ կը սաստկանայ ու մերթ կ՛անհետի: Ազգակերտումը յարատեւ եւ յաճախ դժուարութիւններով առլցուն գործընթաց է, որուն յաջողութիւնը բացառապէս կախեալ է ժողովրդավարական եւ լուծումներ հետապնդող մօտեցումներէ:
Պետութեան պարտականութիւնն է ապահովել իր քաղաքացիներուն բարօրութիւնը. այս սրբազան պարտաւորութենէն կարելի չէ խուսափիլ: Դժգոհութիւն յառաջացնող պայմաններն ու ճնշումներով անոնց հակադարձելու վարքագիծը՝ քաղաքացիները յուսահատութեան հասցնող հոգեվիճակ ստեղծած են: Այս վտանգաւոր եւ անարդարանալի կացութեան լուծում մը պէտք է գտնել:
Հայաստանի կառավարութենէն մենք կը պահանջենք թափանցիկ քննութիւն կատարել անցեալ երկու շաբաթներուն ընթացքին լիազօրութիւններու չարաշահումով իրագործուած բոլոր արարքներուն շուրջ, եւ քայլեր ձեռք բերել՝ բոլոր կալանուածներուն համար դատական արդար գործընթաց երաշխաւորելու:
Կը պահանջենք յարգե՛լ Հայաստանի քաղաքացիներուն խօսքի ազատութեան եւ հաւաքներ կազմակերպելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ՝ պաշտպանել լրագրողները, որպէսզի անոնք կարենան առանց կաշկանդումի ու վախի՝ առարկայականօրէն տեղեկագրել երկրին մէջ ընթացող դէպքերուն մասին:
Կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, որ շարունակեն առանձնապէս խաղաղ՝ առանց բռնութիւններու ընկերային բարեփոխումներ իրականացնելու իրենց նախաձեռնութիւնները: Մենք պէտք է գիտակցինք, թէ կազմակերպուած ժողովուրդը անյաղթահարելի ուժ եւ քաղաքական դրամագլուխ կը կուտակէ միայն, երբ իր ձեռնարկումները ընթանան բացառապէս խաղաղ ճանապարհներով:
Աւելի բարւոք Հայաստան մը ունենալու շարժումը երբե՛ք կանգ չի կրնար առնել, ոչ ալ այդ շարժումը աշխարհագրականօրէն սահմանափակուած կրնայ ըլլալ: Այդ շարժումը կրնայ յաջողութեան հասնիլ, միայն եթէ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերեն մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածները՝ քննարկումներու, բանավէճի ու բողոքի ճամբով, որուն եզրակացութիւնը պիտի վճռուի քուէարկութեամբ:
Մեր հանրապետութեան ճակատագիրը ո՛չ կաշառակերներու, ո՛չ ալ լկտիներու կամքէն կախեալ կրնայ ըլլալ: Երեւանի, Ստեփանակերտի, Լոս Անճելըսի եւ Սփիւռքի այլ շրջաններու գաղափարապաշտ, սկզբունքային, յառաջադէմ ու անվհատ հայորդիներն են, որոնք միասնաբար պիտի կերտեն ա՛յն հայրենիքը, որուն արժանի է մեր ազգը:
Արեւմտեան Ամերիկայի
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն