image

Կը պահանջենք, որ ԼՂ-ի ժողովուրդն ապահով վերադարձի երաշխիքներ ունենայ․ ԵՄ խօսնակ

Կը պահանջենք, որ ԼՂ-ի ժողովուրդն ապահով վերադարձի երաշխիքներ ունենայ․ ԵՄ խօսնակ

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով գլխաւոր խօսնակ Փեթեր Սթանոն պարզաբանած է Եւրոպական Միութենէն հնչող յայտարարութիւնները Հայաստանին Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի միջոցով աջակցելու, երկրի հետ վիզաներու ազատականացման շուրջ գործընթաց սկսելու վերաբերեալ։

Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրէս»-ի թղթակցին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ Փեթեր Սթանոն անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, որով վերջինս Եւրոպական Միութիւնը մեղադրած էր տարածաշրջանին մէջ նոր հակամարտութիւն խթանելու մէջ ու սպառնացած է համարժէք պատասխանով։

Սթանոն խօսած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերու՝ իրենց տուներ վերադարձի կարեւորութեան մասին՝ միջազգային երաշխիքի ներքոյ։ Ան մասնաւորապէս ըսած է. «Մենք յստակ կը պահանջենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ապահով վերադարձի երաշխիքներ ունենայ։ Գիտէք, անոնց ունեցուածքը չի կրնար բռնագրաւուիլ ուրիշի կողմէ: Պէտք է երաշխիքներ ըլլան այդ մարդոց անվտանգ վերադարձի համար, եթէ անոնք որոշեն վերադառնալ։ Մենք նաեւ աւելցուցած ենք մեր մարդասիրական օգնութիւնը բռնի տեղահանուածներուն։ Մենք կը շարունակենք պահանջել միջազգային մուտք եւ միջազգային ներկայութիւն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ որպէս ժողովուրդի համար այս երաշխիքներու մաս»։

 

 -Պարոն Սթանո, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարների խորհրդի նիստից յետոյ վիզանների ազատականացման հնարաւորութիւնների մասին խօսեց Եւրոպական Միութեան բարձր յանձնակատար Ժոզեպ Բորելը։ Որքանո՞վ է սա իրատեսական եւ ի՞նչ գործընթացներից է կախուած կեանքի կոչուելը։

Եւրոմիութիւնը հոկտեմբերին Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու մակարդակով կայացած հանդիպման ժամանակ շատ յստակ ըսաւ, որ մենք կ՚ուզենք ուղիներ փնտռել Հայաստանին հետագայ աջակցութեան եւ Հայաստանի հետ մեր համագործակցութիւնը խորացնելու համար։ Այնուհետեւ արտաքին գործերու նախարարներու կողմէ քննարկումներ եղան, եւ նախարարներն ըսին, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ դիտարկուող ուղիներէն մէկը վիզային ռեժիմի ազատականացումն է։

Այսպիսով, մենք կը պատրաստուինք ուսումնասիրել Հայաստանի հետ վիզայի ազատականացման տարբերակները: Սա կը նշանակէ, որ մենք կը սկսինք գործընթաց՝ տեսնելու, թէ արդեօք այդ իրագործելի՞ է, հնարաւո՞ր է։ Վիզաներու ազատականացումը շատ կարեւոր բան է, քանի որ այն շօշափելի եւ տեսանելի է մարդոց համար: Բայց այդ նաեւ այնպիսի բան է, որուն բոլոր անդամ պետութիւնները պէտք է համաձայնութիւն տան։ Կան նաեւ առաջադրանքներ, որոնք պէտք է կատարուին գործընկեր երկրի կողմէ, այս պարագային՝ Հայաստանի։

Կարեւոր է, որ համաձայնութիւն ըլլայ: Մենք կ՚ուզենք սկսիլ դիտարկել տարբերակները եւ ուսումնասիրել վիզաներու ազատականացման հնարաւորութիւնը: Այսպիսով, գործընթաց կը սկսինք։ Սա գործընթացի սկիզբն է, բայց սա գործընթաց է, որ, ի վերջոյ, եթէ ամէն ինչ լաւ ընթանայ, կրնայ մեծ օգուտ բերել Հայաստանի քաղաքացիներոպն։

 

-Խօսքն ի՞նչ առաջադրանքների մասին է, մէկ-երկու օրինակ կարո՞ղ էք բերել։

Ընդհանուր առմամբ, ազատականացման համար կան տեխնիկական պահանջներ, որոնցմէ է, օրինակ, կենսաչափական անձնագրերու պահանջը։ Բայց նաեւ քաղաքական պահանջներ՝ համոզուելու, որ երկրին մէջ քաղաքական շրջանակը թոյլ չի տար մարդոց չարաշահել ապաստանի համակարգը, որ մարդոց չեն ստիպեր լքել երկիրը եւ ապաստան հայցել։

Այդ հիմնական առաջնահերթութիւններէն մէկն է, երբ խօսքը վիզայի մասին է: Մենք չենք ուզեր, որ յանկարծակի աւելնան ապաստան հայցողները, պէտք է կանխել առանց վիզայի կամ ազատականացուած ճանապարհորդութեան ռեժիմի չարաշահումը։ Այսպիսով, նախ կարեւոր է քաղաքական եւ տեխնիկական լոճիսթիք չափանիշերու պահպանումը հայտատուի կողմէ, իսկ յոտոյ, ի հարկէ, անդամ պետութիւնները պէտք է համոզուին, պէտք է վստահ ըլլան, որ ամէն ինչ կատարուած է գործընկեր երկրի կողմէ, որ վիզային ռեժիմի ազատականացումը չչարաշահուի։

 

Մանրամասները՝ սկզբնաղբիւր կայքէն