Յակոբ Ալթունեան հասուն տարիքէն ետք գաղափարը ունեցած է հաւաքել, խմբագրել տալ եւ հրատարակութեան յղել իր հօր` Կարապետ Ալթունեանի Մեծ Եղեռնի յուշերը: Պարոն Եփրեմ Թոքճեան սոյն յուշերուն ձայներիզներէ վարծանումը, խմբագրութիւնն ու կողքի ձեւաւորումը յաջողապէս կատարած է: Անկէ ետք, Յասմիկ Քիւրտեան շնորհակալ գործով մը` վերանայած եւ սրբագրած է գիրքը: Այսպիսով կարելի դարձած է վերապրող ականատես Կարապետ Ալթունեանի յուշերն ու յիշատակները կորուստէ փրկել: Ստորեւ կը ներկայացնեմ այս յուշագիրքը.
Յակոբ Ալթունեան, ՙՀօրս` Կարապետ Ալթունեանի Յուշերը (Արձանագրուած Ձայներիզներու Վրայ)՚, տպուած՝ Զօհրապ Սարգիսեանի կողմէ, Թորոնթօ, 2013, միջակ չափի 150 էջ:
Կարապետ Ալթունեան ծնած է Սեբաստիոյ նահանգի Ամասիա քաղաքը, 1895-ին: Կը յաճախէ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Ծաղկոցը, իսկ բարձրագոյն նախակրթական ուսումը կը ստանայ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ Իբրանոսեան Առեւտրական Վարժարանին (Ipranossian Commercial School) մէջ: 1911-ին զայն աւարտելէ յետոյ, Կարապետ կը մեկնի Կ. Պոլիս, մէկ տարի գոլէճ կը յաճախէ, ապա Երկրաչափական Վարժարան կը մտնէ: 1914-ին ան մօր քով` Ամասիա կը վերադառնայ, որովհետեւ թուրքերը իր բոլոր եղբայրները բանակ տարած էին եւ տան մէջ այր չէր մնացած:
27 Յունիս 1915-ին իշխանութիւնները Ամասիոյ հայոց երեք օր ժամանակ կու տան ՙճամբորդութեան՚ մը պատրաստուելու համար: Կարապետ Ալթունեանի ընտանիքին երեք սայլ կը յատկացուի փոխադրութեան համար: Անոնք տան մէջ ձի մը եւ էշ մըն ալ ունէին, զորս իրենց հետ կþառնեն: Կարապետ ձիու կառք մըն ալ կը գնէ եւ ճամբայ կþելլեն: Կարապետին փոքր քոյրը` Արեգնազը, իր զաւակներով արդէն ճամբայ ելած էր: Անոր ամուսինն ու կեսրայրը թուրքերը նախապէս տարած ու սպաննած էին:
Թուրքերը Ամասիոյ հայ ընտանիքները Ս. Յովհաննէս վանքին առջեւը գտնուող դաշտին մէջ կը հաւաքեն: Կարապետ իրենց տան ոսկեղէնն ու դրամը իր հետ վերցուցած էր նախքան ոստիկաններուն գալն ու զիրենք տունէն դուրս հանելը:
Կարաւանը Ս. Յովհաննէս վանքին առջեւի դաշտէն ճամբայ կ'ելլէ: Պէտք է Ֆէրհադ Արասի կոչուած կիրճէն անցնէին: Թուրքերը Ամասիոյ հայ այրերը ձերբակալած եւ այս կիրճը տանելով` մորթած էին: Ամասիոյ եւ միւս քաղաքներուն ու գիւղերուն միջեւ կապերը կտրուած էին. Ամասիան ամբողջովին մեկուսացած էր աշխարհէն, այնպէս որ «թուրք մը ամենայն ազատութեամբ կրնար հայ մը սպաննել եւ որեւէ մէկուն առջեւ պատասխանատու չէր», կ’ըսէ Կարապետ Ալթունեան: Հասկնալի է, որ Կարապետին եւ իր զօրակոչուած եղբայրներուն միջեւ կապերը նոյնպէս խզուած էին:
Առաջին օրը, կէսօրին, բռնագաղթուածները հրահանգ կը ստանան նստելու եւ ճաշելու: Հազիւ կը նստին ու ճաշի ծրարները կը բանան, վլվլուկ մը ծայր կ’առնէ կարաւանին մէջ. նախկինները փոխարինելու եկած նոր ոստիկանները սկսած էին ձերբակալել այրերը ու տանիլ: Քանի որ առաջին վայրկեաններուն Կարապետ ոստիկաններէն չէր նկատուած, կիները կը փութան անոր իգական զգեստներ հագցնել` կեանքը փրկելու համար:
Ոստիկանները Կարապետի 16-ամեայ քրոջորդին ալ տարած էին: Յետագային, երբ Կարապետ Համա կը գտնուէր, ան հայուհիէ մը կþիմանայ, թէ Օրտու ապրող եւ հոն աշխատող իր Նշան եղբայրը քանի մը հայ կուսակցականներու հետ ձերբակալուած եւ Սեւ ծովուն մէջ ջրամոյն եղած էր:
Երբ կարաւանը Շար Գըշլա կը հասնի, թուրքերը Կարապետին եզները կը գողնան: Անոնք կարաւանին մէջէն սիրուն աղջիկներ կþառեւանգեն: Տեղահանուածները Թիւրհալ գիւղէն անցնելով Թոքաթ կը հասնին: Ոստիկանները կը փորձեն առեւանգել հայ աղջիկ մը, որ կþընդդիմանայ անոնց: Զարեհ Դարբինեան անունով խեղճ երիտասարդ մը կը ջանայ օգնել օրիորդին: Ոստիկանները իսկոյն հրացանազարկ կþընեն Զարեհը եւ աղջիկը կը տանին: Թուրքերը չեն արտօներ, որ կարաւանը Թոքաթ մտնէ, այլ` զայն երկու օր սպասցնել կու տան քաղաքէն դուրս, որմէ ետք միայն ան կը շարունակէ իր ճամբան դէպի անորոշութիւն... Եշիլ Ըրմաքի (Ալիս գետ - Յ. Ի.) կամուրջը անցնելով, բռնագաղթուածները լեռնադաշտի մը մէջ կը գիշերեն: Թուրքերը Կարապետի ձին կը գողնան: Ան նոր ձի մը կը գնէ: Թոքաթէն հայ աղջիկներ կու գան եւ անոնց հետ կը զրուցեն: Անոնք կ'ըսեն, թէ նախորդ կարաւանէն թուրքերը զիրենք վար դրած են կա՛մ տուներու մէջ աշխատցնելու եւ կա՛մ իրենց անասնաբարոյ հաճոյքներուն համար: Լեռնադաշտին մօտ կային թուրք աւազակներ, որոնց կառավարութիւնը ազատ ձգած էր հայեր սպաննելու պայմանով: Սակայն անոնք կառավարութեան հրահանգը չեն կատարեր: Անոնցմէ քանի մը հոգի կը ծեծեն թուրք ոստիկան մը, որ գաղթող կին մը էշէն իջեցուցած եւ ինք նստած էր: Բարեբախտաբար, այդ աւազակները հայոց վնաս չէին հասցներ:
Կարաւանը երբ Սեբաստիոյ մօտերէն կþանցնի, թուրքերը սեբաստացի հայեր կը միացնեն անոր: Ոստիկանները հայ բռնագաղթուածները իրենց կառքերէն վար կþիջեցնեն ու իրենք կը բազմին անոնց վրայ: Թրքուհիներ եւ քրտուհիներ ուտելիք կը վաճառեն: Կարաւանը Գանկալ կը հասնի: Կարապետ Ալթունեան իր հետ յառաջացող տեղահանուածներուն ճաշակած դառնութիւնը կը նկարագրէ այս բառերով. «Լեռներ կը բարձրանայինք, կþիջնէինք, շատ անգամ մեր գացած տեղէն ետ կը դառնայինք, նոյն տեղէն նորէն կ’անցնէինք. այս մարդոց նպատակը մեզ սպաննել էր եւ ոչ թէ տեղ հասցնել: Ողջ մնացածները չէին սպաններ` փամփուշտի խնայողութիւն ընելու համար: Տէր Զօրի բաժին ձգած էին: Անոնց այնպէս հրահանգուեր էր, որ խումբով կիներ, աղջիկներ եւ մանուկներ անդադար քալեցնեն»:
Կարաւանը Գանկալէն Հասան Չելեպի կը յառաջանայ` անցնելով ամայի ու անջրդի վայրերէ: Ոստիկանները զանոնք գիւղերու մէջէն չէին անցըներ` անոնց աւելի շատ տառապանք պատճառելու համար: Գաղթականները Մալաթիոյ մօտիկ Գըրգ Կէօզ (Գըրգ Կէօզը Եփրատի օժանդակ Թէօհմա Չայ գետին վրայ ունի հռոմէական շրջանի կամուրջ մը, որու տակէն քառասուն խորշերէ ջուր կþանցնի) կոչուած գիւղին բացերը կը հասնի: Ոստիկանները Կարապետին վարձած կառապանները ետ կը դարձնեն, հակառակ անոր որ Կարապետ անոնց վարձքը սկիզբէն վճարած էր: Անոր գոյքերն ալ կը գողնան կառքին վրայէն: Ոստիկանները Կարապետը ձրիօրէն կþաշխատցնեն Գըրգ Կէօզէն Ֆըրընճըլար իր կառքով մարդ փոխադրելու համար: Անոնք ապա Կարապետի ձին եւ կառքը կը գրաւեն: 1915-ի Օգոստոսի վերջերն էին:
Մալաթիացի թուրքեր կարաւանի բռնագաղթուածներուն խորհուրդ կու տան աւելի յառաջ չերթալ (կարծէք թէ անոնք իրենց կամքով կþերթային), այլ` Մալաթիա մնալ: Կը հասկցնէին, թէ առջեւը զիրենք կը սպասէ մահը: Նախորդ կարաւանով գաղթած Միհրան անունով ամասիացի պատանի մը, որուն մայրը զինք թուրքի մը իբր որդեգիր տուած էր, կþուզէր իրենց հետ ճամբան շարունակել եւ այլեւս Մալաթիա` թուրքին քով չմնալ: Կարապետ Ալթունեան Միհրանը իր հետ կը տանի: Բռնագաղթուածները Մալաթիոյ դուրսէն` Ֆըրընճըլար կոչուած վայրէն կþանցնին եւ կը հասնին Գանլը Տէրէ (թրքերէն բառացի` Արիւնոտ Ձոր): Այդ վայրին մէջ իր տեսածները Կարապետ Ալթունեան հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ. «Հոն խորունկ կիրճ մը կար եւ մէջը հարիւրաւոր մարդկային դիակներ կային, էրիկ մարդոց դիակներ. մեզմէ առաջ անցնող հայեր էին անոնք: Այն տեղէն ամէնէն սարսափելի պատկերը, որ տակաւին յիշողութենէս չէ ջնջուած, այն է, որ մեռած երիտասարդ կին մը տեսայ գետինը փռուած, բոլորովին մերկ, եւ հազիւ մէկուկէս տարեկան երեխան, մագլցելով մօրը վրայ ելած էր, ծիծը առած էր բերանը ու կը ծծէր: Այս տեսարանը աչքիս առջեւէն չ’երթար բնաւ: Կինը մերկացուցած, իրենց կիրքերը յագեցուցած եւ յետոյ հաւանաբար զայն խեղդած էին»:
Երբ կարաւանը լեռնադաշտ մը կը հասնի, ոստիկանները տասնհինգ տարեկանէն վեր այրերը կը հաւաքեն: Ուրիշ պատանիներու եւ երիտասարդներու հետ, անոնք կը բռնեն Կարապետն ու անոր ապագայ տիկնոջ` Արուսեակին երկու եղբայրները` 16 տարեկան Արմէնն ու 14 տարեկան Իգնատիոսը: Այդ պահը ականատես վկայող Կարապետ Ալթունեան այսպէս կը ներկայացնէ. «Այդտեղ սկսան լացն ու կոծը: Աննկարագրելի վիճակ, որովհետեւ կիներն ալ տեսան այդ սպաննուած մարդիկը եւ գիտցան, որ մեզ ալ պիտի սպաննեն: Կիները դէպի հեռուները տարին, մեզ հոն ձգեցին: Սկսան մէկ-մէկ առնել ու տանիլ: Զէյնալ պէկ անունով շուն մը, քիւրտ, եկած նստած էր, անոր առջեւ կը տանէին տղաքը, կը խուզարկէին աղուոր մը, դրամները, հագուստները կþառնէին, անկէ ետքը անոնց ձեռքերը կը կապէին, կը տանէին մէկ կողմ: Երիտասարդներուն թիւը մօտաւորապէս հարիւրի հասաւ»: Այդ պահուն ամասիացի Օհան Էմիրեան անունով դատապարտեալ մը, որ անօրէն մըն էր եւ քանիցս անգամ բանտ մտած ու ելած, Զէյնալ պէկի մարդոցմէ Ահմէտ չաւուշը ճանչնալով, կը բարեւէ ընկերաբար: Ահմէտ չաւուշ Զէյնալ պէկին կը մօտենայ ու անոր ականջին բաներ մը կը փսփսայ: Անոնք Օհան Էմիրեանը իսկոյն ազատ կþարձակեն: Այս դէպքէն քաջալերուած, Կարապետ Ալթունեան ինքն ալ կը մօտենայ Ահմէտ չաւուշին եւ իր ամասիացի ըլլալը կը յայտնէ: Ահմէտ չաւուշ կրկին կը մօտենայ Զէյնալ պէկին եւ կը խօսի անոր հետ: Քիւրտ աւազակապետը 10 հնչիւն ոսկի կը պահանջէ Կարապետը ազատ թողելու համար: Կարապետ, մօրմէն բերելով դրամը, ազատ կþարձակուի: Ու այսպէս դատապարտեալներուն մեծամասնութիւնը 10, ապա 8 եւ աւելի ետք 6 ոսկի վճարելով կը փրկուին: Կը մնան աղքատները, 24 հոգի, որոնք տալիք ոչ մէկ բան ունէին: Զէյնալ պէկ զանոնք բլուրին ետեւ տանելով` կը գնդակահարէ:
Ամասիայէն բռնագաղթուածներուն մէջ ակնցի քահանայ մը կար (ակնցիներու հաւաքականութիւն մը կար Ամասիոյ մէջ): Ոստիկանները կը փորձեն քահանան սպաննել, սակայն շուրջինները անմիջապէս հանգանակութիւն մը ընելով` երկու ոսկի կը գոյացնեն, ոստիկանները կը կաշառեն ու քահանային կեանքը կը փրկեն: Այդուհանդերձ, նենգ ոստիկանները քանի մը օր ետք քահանան կը սպաննեն, ըսելով, թէ ան... բան մը չէր տուած իբր փրկագին:
Բիրտ ոստիկանները ամբողջ կարաւանին փրկութեան համար 100 ոսկի կը պահանջեն: Տարագիրները կը սկսին հանգանակել այդ գումարը: Հարիւր ոսկին ստանալէ քիչ ետք, մեծաւորը, դառնալով գաղթականներուն, կþըսէ, թէ վճարուած գումարը 99 ոսկի է միայն եւ ոչ թէ 100: Ուստի, առ այդ, իբրեւ պատիժ, կը պահանջէ այս անգամ 300 հնչիւն ոսկի, առաւել` ադամանդեայ մատանի մը: Խեղճ տարագրեալները մեծ դժուարութեամբ կը գոյացնեն այդ հսկայ գումարը եւ ադամանդեայ մատանին, զոր Կարապետի ապագայ կնոջ` Արուսեակի մօրմէն կþառնեն ու ոստիկաններու մեծաւորին կը յանձնեն:
Բռնագաղթի ճամբուն վրայ շատ դիակներ կային: Յաճախ աւազակներ կը յարձակէին գաղթականներուն վրայ, կը կողոպտէին, կը վիրաւորէին ու կը սպաննէին կամ կþառեւանգէին: Տարագրեալներէն շատեր ծարաւէն կամ անօթութենէն, ուրիշներ` հիւանդութիւններէ, գետին կþիյնային ու կը մեռնէին:
Կարաւանը Եփրատի եզերքը Ատըեամանի մօտերը կը հասնի: Թուրքերը հայ աղջիկներ կը փախցնեն: Ատըեամանէն եկած քանի մը թուրքեր կը փորձեն Կարապետի քրոջ դուստրը` Վերոնիքան առեւանգել: Անոնք աղջիկը բռնի կերպով ձի կը նստեցնեն: Սակայն Վերոնիքա ինքզինք ձիէն վար կը նետէ Եփրատի ջուրերուն մէջ: Ամէն ոք կը կարծէ, թէ ան խեղդուած է այլեւս: Մօտակայ վայրի մը մէջ ապրող հայ բոշաներ Վերոնիքան կþազատեն: Անոնք անոր երեսին ներկ կը քսեն եւ բոշայի զգեստներ կը հագցնեն: Զայն առնելով` բոշաները անոր մօր քով կու գան ու կþըսեն, թէ իր դուստրը ողջ էր: Կարաւանը իր ճամբան կը շարունակէ: Թուրքերը զիրենք լաստերով Եփրատի միւս ափը կը տանին: Հոս գողերը բազմաթիւ գաղթականներ կը կողոպտեն: Աւազակները Կարապետին նոյնիսկ հագուստները կը տանին ո ան միայն ներքնազգեստով կը մնայ:
Երբ Ուրֆայի կը մօտենան, ոստիկանները թոյլ չեն տար, որ տարագրեալները քաղաք մտնեն: Կարաւանը կը յառաջանայ եւ Սուրուճի մօտերը կը հասնի: Հսկող ոստիկանները կը փոխուին եւ աւելի բարեացակամ ոստիկաններ յանձն կþառնեն կարաւանը: Կարապետ Սուրուճի մէջ անակնկալօրէն կը հանդիպի Զօրավար Անդրանիկի հօրեղբօրորդի՝ Գագիկ Օզանեանի կնոջ եւ քրոջ: Հնչակեան գործիչ եւ հռետոր Գագիկ Օզանեան տարագրութեան ճամբուն վրայ սպաննուած էր:
Բռնագաղթուածները Արաբ Փունար կը հասնին: Կարապետի մայրն ու հարազատներէն շատեր դէպի Տէր Զօր կը քշուին: Բարեբաստիկ դիպուածով մը Կարապետ իր քրոջ դուստրերուն` Գոհարի եւ Վորոնիքայի, ինչպէս նաեւ եղբօր դստեր` Մարիի հետ շոգեկառքով Հալէպ կը տարուի: Հալէպի կայարանի թուրքերը թոյլ չեն տար տարագրեալներուն շոգեկառքէն իջնել: Հալէպի բնիկ հայերը շոգեկառքին մէջ արգելափակուածներուն թարմ հաց կը բերեն: Թուրքերը շոգեկառքը Համա կը ղրկեն: 1915-ի Սեպտեմբերի սկիզբն էր:
Համայի մէջ շոգեկառքէն իջնելէ յետոյ, ոստիկանները բաւական կը քալեցնեն զանոնք եւ կը տանին հսկայ գաղթակայան մը, ուր մեծամասնութիւնը այնթապցի ու մարաշցի էր: Կարապետ Գոհարի, Վերոնիքայի եւ Մարիի հետ սենեակ մը կը վարձէ: Աւելի ուշ, ուրիշ ազգականներ ալ իրենց կը միանան: Քանի մը օր ետք Վերոնիքան կը մահանայ:
Կարապետ Ալթունեան Համայի մէջ ամասիացի թուրքի մը միջնորդութեամբ գործ կը ճարէ դատարանին մէջ: Ան չորս ամիս ետք բախտը կþունենայ աւելի լաւ գործի մը մէջ մտնելու: Անոր վիճակը կը բարելաւուի: Սակայն ուրախութիւնը երկար չի տեւեր: Թրքական իշխանութիւնը ամէն օր կը նեղէ հայերը` սպառնալով զանոնք Տէր Զօրի սպանդանոցը ղրկել: Ոստիկանները կը սկսին հայեր ձերբակալել Համայի փողոցներուն մէջ: Այդ օրերուն Կարապետին գործատէրը` Ապու Շաֆիք, զայն գիւղ մը կը ղրկէ արաբական հագուստով ծպտուած:
Կը կարծուէր, թէ ձերբակալութիւնները վերջ գտած էին, ուստի Կարապետ Համա կը վերադառնայ: Յաջորդ օրը ոստիկան մը զայն կը ձերբակալէ եւ ոստիկանատուն կը տանի: Ապու Շաֆիքի միջնորդութեամբ Կարապետ ազատ կ'արձակուի:
1918-ի վերջերը Գերմանիա եւ Թուրքիա կը պարտուին: Թուրք ասքեարները կը սկսին նահանջել Համայէն եւ ամբողջ Սուրիայէն: Կարապետ Ալթունեան կը պատրաստուի Ամասիա վերադառնալ: 1919-ի սկիզբը Կարապետ, Գոհար եւ Մարի Հալէպ կը մեկնին: Երեք օր ետք անոնք շոգեկառքով Ատանա կը հասնին: Հոն Կարապետ պատահաբար կը հանդիպի իր հօրեղբօրորդիին` Միհրան Ալթունեանի, որ 1910-ին Ամասիայէն ԱՄՆ գաղթած էր եւ 1919-ին իբրեւ լեգէոնական զինուոր Կիլիկիա եկած: Միհրան Կարապետին համար գործ կը ճարէ քարահանքի մը մէջ: Կարապետ Ատանայի մէջ Արուսեակին կը հանդիպի եւ անոր հետ կը նշանուի:
Հազարաւոր հայերու հետ Կարապետ, Արուսեակ, Գոհար եւ Մարի փախուստ կու տան Ատանայէն, երբ կը լսուի, թէ Մուսթաֆա Քեմալի ոյժերը կը մօտենան քաղաքին: Անոնք Մերսինէն շոգենաւով Պէյրութ կþերթան:
Գիրքին մնացեալ հատուածին մէջ Կարապետ Ալթունեան կը պատմէ Պէյրութի մէջ իր կեանքին մասին: Հեղինակի որդին` Յակոբ Ալթունեանը, 101-106-րդ էջերուն մէջ զետեղած է «Ամասիոյ Ալթունեան Ընտանիքի Ծառը» տեղեկագրութիւնը եւ ապա (էջ 107-142) տեղադրած՝ «Պատմութիւն Պոնտական Ամասիոյ»ուսումնասիրութիւնը:
Յարութիւն Իսկահատեան
«Արարատ»