image

«Մենք ականատես ենք լինելու Պաքուի հերթական բեմականացուած «շոու»ին»․ Ցոյց ՄԱԿ-ի գրասենեակի մօտ

«Մենք ականատես ենք լինելու Պաքուի հերթական բեմականացուած «շոու»ին»․ Ցոյց ՄԱԿ-ի գրասենեակի մօտ

Արցախեան եւ հայաստանեան խումբ մը կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ այսօր Երեւանի մէջ՝  ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի մօտ տեղի կ՚ունենայ հանրային ցոյց հայ գերիները ազատ արձակելու պահանջով:

Բաքուի մէջ այսօր կը սկսի Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու՝ այդ շարքին նախկին նախագահներու եւ նախկին պետնախարարի դէմ շինծու գործերով դատավարութիւնը:

Անոնց կը մեղադրեն «ահաբեկչութեան», «ռազմական յանցագործութիւններու», «ցեղասպանութեան» մէջ: Քրէական գործով մեղադրական եզրակացութիւնը դեկտեմբեր 16-ին հաստատուած էր Ատրպէճանի ընդհանուր դատախազի կողմէ եւ ուղարկուած Պաքուի զինուորական դատարան։

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է՝ այս բոլոր ջանքերն ուղղուած են անոր, որ Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող մեր հայրենակիցներու նկատմամբ խոշտանգումները օր առաջ դադրեցուին, եւ անոնք կարողանան վերադառնալ իրենց տուներ։

«Առնուազն անգործութիւնից շատ աւելի լաւ է շարունակել պայքարը, ե՛ւ ՀՀ իշխանութիւնների, ե՛ւ միջազգային կառոյցների ուշադրութիւնը հրաւիրել այս կարեւոր, բացարձակ հումանիտար բնոյթ ունեցող հարցի ուղղութեամբ եւ միջազգային ճնշում գեներացնելով՝ հասնել մեր հայրենակիցների ազատ արձակմանը»,-ըսած է ան։

Ստեփանեանի խօսքով՝ Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի ուղերձը եկաւ եւս մէկ անգամ հաստատելու այն, ինչի մասին այս ամբողջ ժամանակ կը խօսէր իրաւապաշտպան համայնքը՝ սա որեւէ կերպ չի կրնար համարուիլ իրաւական գործընթաց, պահպանուած չէ մարդու տարրական իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, մարդիկ կը խոշտանգուին Պաքուի բանտերուն մէջ եւ այլն։

«Միջազգային հանրութիւնը ոչինչ չի անելու, քանի դեռ յստակ ձեւակերպուած պահանջներ չներկայացուի Հայաստանի իշխանութիւնների եւ սփիւռքի կառոյցների կողմից»,-ըսած է Ստեփանեանը։

Թէպէտ ՀՀ իշխանութիւնները պարբերաբար կը յայտարարեն, որ բանակցութիւններու ընթացքին եւ բոլոր հարթակներու վրայ կը բարձրաձայնեն գերիներու ազատ արձակման հարցը, ըստ Ստեփանեանի՝ այդ ջանքերն առնուազն տեսանելի չեն։

Բողոքի ցոյցի մասնակիցները ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակ նամակ փոխանցած են Ատրպէյճանի՝ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները դատապարտելու եւ Պաքուի մէջ պահուող գերիները ազատ արձակելու համար ճնշում գործադրելու պահանջով։

Նամակով նաեւ պահանջած են ջանքեր գործադրել Արցախի՝ բռնի տեղահանուած ժողովուրդի անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքի իրագործման համար։

Բողոքի ցոյցի մասնակիցները ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի մօտէն շարժած են դէպի ԱԳՆ՝ իրենց պահանջները նաեւ ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան շէնքի առջեւ հնչեցնելու, ատկէ ետք արշաւը պիտի շարունակուի ՀՀ կառավարութեան շէնքի մօտ։