Ռուսիան պիտի ուսումնասիրէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխադրային միջանցքի նախագիծի մանրամասնութիւնները, որ կը կոչուի «Թրամփի ճանապարհ միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար»։ Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ մամուլի բաժնի փոխտնօրէն Ալեքսէյ Ֆատաեւը։
«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի ուսումնասիրէ «Թրամփի ճանապարհ» նախագիծի մանրամասնութիւնները, որոնք, ի դէպ, դեռ հրապարակային չեն։ Եւ, ինչպէս արդէն նշեր ենք, Հարաւային Կովկասի մէջ արտատարածաշրջանային ուժերու ներգրաւումը այս պարագային պէտք է առաջ մղէ խաղաղութեան օրակարգը, այլ ոչ թէ ստեղծէ նոր խնդիրներ եւ նոր բաժանարար գիծեր», –ըսած է ան։
Ֆատէեւը նաեւ անհրաժեշտ համարած է հաշուի առնել այնպիսի գործօններ, ինչպիսիք են Հայաստանի անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ին եւ ռուս սահմանապահներու ներկայութիւնը Սիւնիքի մարզին մէջ։
«Ատոնք պէտք է հաշուի առնուին տարածաշրջանին մէջ փոխադրային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ որոշումներ մշակելու ժամանակ», –ըսած է Ֆատէեւը։