image

Թրամփ-Փութին-Զելենսքի հանդիպումը կախուած է առաջիկայ օրերու շփումներու առաջընթացէն. Ռուպիօ

Թրամփ-Փութին-Զելենսքի հանդիպումը կախուած է առաջիկայ օրերու շփումներու առաջընթացէն. Ռուպիօ

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն արդիւնաւէտ նկատած է յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի բանակցութիւնները Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ նշելով, որ մօտակայ օրերուն պիտի շարունակուին շփումները թէ՛ Եւրոպական գործընկերներու, եւ թէ՛ Քիեւի հետ՝ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան լուծման նպատակով։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին Ռուպիոն արտայայտուած է Fox Business Network-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։

Ան աւելցուցած է, որ եթէ իսկապէս արդիւնք արձանագրուի, ապա շատ շուտով հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի հանդիպելու Փութինին եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլոտիմիր Զելենսքիի հետ։

«Ի հարկէ, մինչ այդ շատ բան պէտք է կատարուի»,– նշած է Ռուպիոն՝ աւելցնելով, որ պէտք է գոյանայ համաձայնագիր մը, զոր պիտի ստորագրէ նաեւ ԱՄՆ Նախագահը։

«Այսպէս, մենք պէտք է շատ մօտ գտնուինք այդ կէտին, որպէսզի նման հանդիպումը ըլլայ արդիւնաւէտ եւ իմաստալից։ Այսօր՝ Օգոստոս 6-ը, լաւ օր մըն էր, սակայն դեռ շատ գործ ունինք։ Բազմաթիւ արգելքներ կան՝ յաղթահարելու, եւ մենք յոյս ունենանք կատարել այդ մէկը մօտակայ օրերուն, ժամերուն, կամ թերեւս շաբաթներուն ընթացքին»,– աւելցուցած է ան։

Խօսելով խաղաղութեան կամ հրադադարի պայմաններուն մասին՝ Ռուպիոն յիշեցուցած է, որ Ռուսիան ներկայիս վերահսկողութեան տակ ունի ուքրանական տարածքներ, ներառեալ Խրիմը՝ 2014-էն ի վեր, ինչպէս նաեւ ունեցած է նոր յառաջխաղացումներ։

«Բնականաբար, համաձայնութեան հասնելու համար երկու կողմերն ալ՝ ռուսերն ու ուքրանացիները, պէտք է փոխզիջումներ ընեն։ Անշուշտ, այս գործընթացը բարդ է։ Ամէնքս ալ կ՚ուզենք, որ պատերազմը աւարտի։ Կը կարծեմ, որ համաձայնութեան պայմանները ամէնէն դժուար մասն են», – ըսած է ան։

Ռուպիոն աւելցուցած է, որ Ուիթքոֆի այցէն ետք, Ուաշինկթընը աւելի լաւ կը պատկերացնէ այն պայմանները, որոնցով Ռուսիան պատրաստ է վերջ տալ պատերազմին։

«Հիմա պէտք է այդ պայմանները համեմատենք այն բանի հետ, ինչ  պատրաստ են ընդունիլ ուքրանացիները եւ մեր Եւրոպացի դաշնակիցները։ Բայց առաջին հերթին՝ ի հարկէ՝ ուքրանացիները», – ընդգծած է ան։

Խօսելով Ռուսիոյ դէմ երկրորդական պատժամիջոցներու մասին, որոնց կիրառման վերջնաժամկէտը Օգոստոս 8-ն է, Ռուպիոն ըսած է, որ այդ հարցը պիտի որոշէ ԱՄՆ Նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ մօտակայ 24-36 ժամերուն ընթացքին, եւ այդ որոշումը կախուած պիտի ըլլայ մօտակայ օրերու զարգացումներէն։

Ռուպիոն նաեւ չէ բացառած Թրամփ-Փութին հեռաձայնային զրոյցը մօտ օրերուն, սակայն նշած է, որ այս պահուն նման պայմանաւորուածութիւն գոյութիւն չունի։