Կրակոցներ եւ սպանութիւններ տեղի ունեցած են Կոտայքի մարզին մէջ։ Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ 18 Մայիսի ժամը 19։10-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան քրէական ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութիւնը եւ ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութեան Կոտայքի մարզային վարչութիւնը տեղեկութիւններ ստացած են, որ Հրազդան քաղաքի եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ գտնուող տարածքին մէջ կրակոցներ հնչած են եւ կան զոհեր ու վիրաւոր։
Ոստիկաններն ու պարեկները նշուած վայրէն յայտնաբերած են տղամարդու դիակ, ատրճանակ, արեան նման հետքեր, «Opel» մակնիշի ինքնաշարժ։ Տեղւոյն վրայ պարզուած է, որ նշուած վայրէն եւս 2 հոգի հրազէնային վնասուածքներով փոխադրուած են «Հրազդան» բժշկական կեդրոն, ուր ըստ տեղեկութիւններուն անոնցմէ մէկը մահացած է։
ՀՀ Քննչական կոմիտէի Կոտայքի մարզային քննչական վարչութենէն ժամանած է քննչական խումբ՝ վարչութեան պետի եւ օրուան պատասխանատու հերթապահ քննիչի գլխաւորութեամբ։
Ժամանած են նաեւ փորձաքրէագէտները:
Դէպքի փաստով Կոտայքի մարզային քննչական վարչութեան մէջ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, ուր կը պարզուին դէպքի հանգամանքները, մահացածներու եւ վարորդի ինքնութիւնը։
Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ մահացածներէն մէկը Կոտայքի մարզի յայտնի քրէական հեղինակութիւններէն «Դերոյի Արթուրն» է։