Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ, արք. Խրիզոստոմոս II-ը կղզիի բնակչութեան կոչ ըրած է պաշտպանելու իրենց իրաւունքները, շարունակելու պահանջել թրքական զօրքերու դուրս ելլելը Կիպրոսի տարածքէն եւ պատրաստ ըլլալու իրենց դիրքերու պաշտպանութեան, եթէ Թուրքիոյ հետ հակամարտութիւնը աւելի սրուի։ Այս մասին ան շաբաթ օր յայտարարած է հաւատացեալներուն ուղղուած Սուրբ Ծնունդի ուղերձով, հաղորդած է ԹԱՍՍ։
«Մենք պէտք է մնանք միասնական եւ անսասան՝ մեր իրաւունքները պաշտպանելու, հաստատակամ եւ վճռական՝ բռնագրաւող զօրքերու դուրս ելլելու եւ փախստականներուն իրենց նախնիներու տուները վերադարձնելու մեր պահանջի հարցով, եւ միեւնոյն ժամանակ պատրաստուինք պաշտպանութեան, հակամարտութեան հնարաւոր սրացման պարագային»,- ըսուած է արքեպիսկոպոսի ուղերձին մէջ։
Կիպրոսի եկեղեցւոյ առաջնորդը ընդգծած է, որ կղզիի բնակիչները 47-րդ անգամն է, որ կը նշեն Սուրբ Ծնունդը «պառակտուած երկրի մը մէջ, ուր մարդոց մէկ երրորդը լքած է իր նախնիներու տունը», եւ ուր շատ մարդիկ դեռ անհետ կորած կը համարուին։ Արքեպիսկոպոսը կղզիի բնակիչներէն խնդրած է չմոռնալ իրենց մարտական ոգին, քանի որ «բռնագրաւողի պահուածքը» թոյլ չի տար հանգիստ մնալ։
Ան աւելցուցած է, որ Քրիստոս եկած է մարդոց մօտ, որպէսզի պաշտպանէ նեղացածները եւ օգնէ անոնց, որոնք կը պայքարին արդարութեան համար, եւ ըստ արքեպիսկոպոսին, այդ թոյլ կու տայ, որ հաւատացեալները չկորսնցնեն յոյսը։ «Բայց անհրաժեշտ է, որ մենք շարունակենք մեր պայքարը՝ հայեացքը ուղղելով դէպի Քրիստոս»,- աւելցուցած է արքեպիսկոսպոսը։