image
Հրատապ լուրեր:

Կիպրոսի մէջ. Համայնքը միակամ է եւ լարուածութիւնը վերացած

 Կիպրոսի մէջ. Համայնքը միակամ է եւ լարուածութիւնը վերացած

Այսօր եւ մեր ունեցած տուեալներով Կիպրահայ համայնքի իմաստուն ներկայացուցիչներուն անդուլ ճիգերուն շնորհիւ գոյացած է նոր մարմին մը, կազմակերպելու համար համայնքի գալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները։

Ուրախալի է նաեւ, որ ամիսներ առաջ առաջացած լարուածութեան մթնոլորտը արդէն կը պատկանի անցեալին եւ կիպրահայութիւնը, որպէս մէկ եւ կուռ համայնք պիտի շարունակէ իր երթը։

 

Ամիսներ առաջ «Արեւելք» անդրադարձած էր Կիպրոսի հայկական համայնքին մէջ երեւելի դարձած որոշակի լարուածութեան։

Օրին ՀՀ պատասխանատուներու այցը հասկնալի բողոքի պատճառ դարձած էր, որուն ի հակազդեցութիւն Կիպրոսի ոչ Դաշնակցական հատուածները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած էին։

Լարուածութիւնը երեւելի դարձած էր նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ, որմէ ետք ալ նոյն լարուածութիւնը ծուարած էր փոթորկոտ հոգիներուն մէջ եւ շրջանէ մը ետք լռած...։

Այսօր եւ մեր ունեցած տուեալներով Կիպրահայ համայնքի իմաստուն ներկայացուցիչներուն անդուլ ճիգերուն շնորհիւ գոյացած է նոր մարմին մը, կազմակերպելու համար համայնքի գալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները։

Ուրախալի է նաեւ, որ ամիսներ առաջ առաջացած լարուածութեան մթնոլորտը արդէն կը պատկանի անցեալին եւ կիպրահայութիւնը, որպէս մէկ եւ կուռ համայնք պիտի շարունակէ իր երթը։

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք, այդ առթիւ հրապարակուած հակիրճ հաղորդագրութիւնը։ 

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Կիպրոսի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ընտրութիւններու սեմին, կիպրահայ ազգային կազմակերպութիւնները կազմեցին «ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ» համախմբումը՝ նպատակ ունենալով միասնական թեկնածուներով ներկայանալ ընտրութիւններուն, գործելով Կաթողիկոսական Փոխանորդի հովանիին ներքեւ՝ աշխատիլ յօգուտ մեր գաղութին զարգացման եւ կազմակերպ գործունէութեան:

 

«ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ» առաջադրանքներն են.

ա.- Աշխուժացնել մեր թեմին ազգային-եկեղեցական կեանքը եւ հետամուտ ըլլալ, որ մեր ազգային-եկեղեցական կառոյցները աշխատին ծրագրուած եւ թափանցիկ կերպով:

բ.- Արդիւնաւէտ կերպով շահագործել մեր ազգապատկան կալուածները եւ հետզհետէ լուծել տարուէ տարի շարունակուող տնտեսական դժուարութիւնները:

գ.- Բարոյապէս սատարել մեր համայնքի հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն եւ քաջալերել, որ իւրաքանչիւրը իր ոլորտին մէջ ու իրարու հետ համերաշխ շարունակեն ծառայել իրենց առաքելութեան ու նպատակին:

դ.- Օժանդակել եւ զօրակցիլ նոր սերունդներուն հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան:

ե.- Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչին հետ համախորհուրդ ու սերտ գործակցութեամբ շարունակել ապահովել մեր համայնքին պարտաւորութիւններուն կատարումը եւ իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը՝ Կիպրոսի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը ալ աւելի բարելաւելու մտադրութեամբ:

 

Վերոյիշեալ նպատակներու իրագործման համար, «ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ»ը յառաջիկայ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ընտրութիւններուն կ'առաջադրէ ներքոյիշեալ թեկնածուները.-

 

Նիկոսիա.-

Յակոբ Գասպարեան

Մկրտիչ Գույումճեան

Զաւէն Պագգալեան

Մանուկ Եըլտըզեան

Յարութ Տէր-Պետրոսեան

Թանիա Էօճիւրեան

Վահան Այնէճեան

 

Լառնագա.-

Ատուր Գարակիւլէեան

Տոքթ. Միսաք Քեշիշեան

Ռամզի Մարթին

 

Լիմասոլ.-

Կարպիս Ֆերահեան

 

Ֆամակուսթա.-

Արամազդ Էսքիճեան

 

Ի դիմաց՝

Հ. Յ. Դ. Կիպրոսի Կոմիտէ եւ յարակից միութիւններ

Ս. Դ. Հ. Կ. Կիպրոսի Վարիչ Մարմին

Ռ. Ա. Կ. Կիպրոսի Շրջանային Վարչութիւն

Հ. Բ. Ը. Մ. Կիպրոսի Վարչութիւն

 

10 Փետրուար 2022

Նիկոսիա - Կիպրոս