Բազմաթիւ լիբանանցիներ աշխարհով մէկ կը փայլին արուեստի եւ ճարտարապետութեան ոլորտներու մէջ։ Երիտասարդ անուններու շարքին հանդէս կու գայ նաեւ լիբանանահայ Արին Աբրահամեանին անունը։
Արին Աբրահամեանը 2013 թուականին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ստացած է իր ճարտարապետութեան վկայականը, մասնագիտանալով արուեստի պատմութեան մէջ ։ Անմիջապէս արդէն աշխատանքի անցնելով, սկսած է նախագծել եւ ուսումնասիրել, արժանի ճանաչում ստանալով։
2018 թուականին Ատրիան Միւլլըրի հետ հիմնած է նորարարական ճարտարապետութեան եւ տարածքային նախագծումներու «Միւլլըր Աբրահամեան» ընկերութիւնը։
Ընկերութիւնը կ՚աշխատի արուեստագէտներու, ապրանքանիշերու, տարածքներու եւ յաճախորդներու լայն եւ հանրածանօթ շրջանակներու հետ՝ անոնց համար նախագծելով եւ գործնականացնելով արդիական, նորարական գաղափարներ:
Հիմնադրումէն ի վեր, «Միւլլը Աբրահամեան» ընկերութիւնը նախաձեռնած է շարք մը ծրագիրներ՝ Լոնտոնի, Պէյրութի եւ Երեւանի մէջ: Ան նաեւ աշխատած է զանազան, հանրածանօթ արուեստագէտներու եւ ընկերութիւններու հետ, ինչպիսիք են՝ «Վէնիս Պիէնալ»ը, «Թումօ»ն եւ «Թըրնըր Քոնթէմբորըրի»ն։
Արին Աբրահամեանը 2019-ին ստացած է «Ֆուլպրայթ» կրթաթոշակ, մաքիստրոսի ուսումը շարունակելու համար «Պըրքլի» համալսարանին մէջ, խորապէս ուսումնասիրելու համար նորարական նախագիծերը։
2023-2024 տարուան ամբողջ ընթացքին, Արին Աբրահամեանը պիտի աշխատի իբրեւ խորհրդատու, ֆրանսացի հանրայայտ ճարտարապետ Անն Լաքաթոնի մօտ, «Rolex Mentor and Protégé Arts Initiative» ծրագիրէն ներս։
Նիւթը՝ «the 961.com» կայքէն