image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանն ու ԱՄՆ-ն Խաղաղ նպատակներով միջուկային ուժանիւթի օգտագործման ոլորտին մէջ համագործակցութիւն սկսած են

Հայաստանն ու ԱՄՆ-ն Խաղաղ նպատակներով միջուկային ուժանիւթի օգտագործման ոլորտին մէջ համագործակցութիւն սկսած են

Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները Խաղաղ նպատակներով միջուկային ուժանիւթի օգտագործման ոլորտին մէջ համագործակցութիւն սկսած են։ Այս մասին յայտնած են Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։

«123 համաձայնագրի» բանակցութիւններու մեկնարկին նուիրուած տեսահանդիպման Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ռոբերտ Աբիսողոմոնեան վերահաստատած է, որ խաղաղ նպատակներով միջուկային ուժանիւթի ապահով եւ անվտանգ օգտագործումը Հայաստանի առաջնահերթութիւններէն է, եւ որ Հայաստանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ տարածման դէմ միջազգային ռեժիմի սկզբունքներուն:

Կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ՀՀ եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններու միջեւ փոխըմբռնման յուշագրերու ստորագրման պարունակին մէջ անցում կը կատարուի գործնական քայլերու իրականացման:

«123 համաձայնագրի» կնքումը պիտի ստեղծէ իրաւական հիմք՝ խաղաղ նպատակներով միջուկային արհեստագիտութիւններու, տուեալներու եւ գիտելիքի փոխանակման համար՝ հիմնուած չտարածման բարձր չափանիշերու վրայ: