Գանատահայ (Բնիկ Մուսալեռցի) Յակոբ Ճանպազեան կը գրէ՝
Խոր ցաւով ու անակնկալ մենք եւս իմացանք մեր բոլորին սիրելի տնօրէն՝ Պրն. Յովհաննէս Գարագաշեանի մահուան տխուր լուրը՝ ի յարգանք կը խոնարհինք անոր անանց յիշատակին։
Ընկեր Յովհաննէս Գարագաշեան ծնած էր Մուսա լեռ, ու Այնճար՝ գաղթակայանի մռայլ օրերուն իր մարմնին վրայ կրած էր տարագրութեան ցաւերը, կրած հայրենիք ու բնօրրան կորսնցուցած ըլլալու ահաւոր իրականութիւնները։ Ան իր գիտակցական կեանքի ամբողջ ընթացքին, մանկութենէն մինչեւ կեանքի մայրամուտը Ամերիկայի Միացեալ Նահանքներու մէջ եղաւ, Մեսրոպածին հայոց լեզուի ջինջ ղօղանչ մը, հայոց նահապետական բարքերուն ու սովորութիւններուն կառչած ուղղամիտ անձնաւորոթիւն մը, համակ կեանք մը նուիրելով՝ սերունդներու դաստիարակութեան վեհ գործին՝ Այնճար հայաւանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանէն ներս ու մինչեւ «Ալեք Փիլիպոս» վարժարան ԱՄՆահանգներ։
Ան՝ իբրեւ ուսուցիչ, տնօրէն եւ դաստիարակ, իր արդարագոյն լուման ներդրաւ կրթական գանձարանին մէջ, հաստատելով պատուաբեր եւ արժանաւոր պատուանդան մը գրական ու կրթական անդաստաններուն մէջ։ Անոր շունչին տակ սերունդներ դաստիարակուեցան՝ հայկական մաքրամագուր ոգիով եւ ընդոծին հայրական ջերմ գուրգուրանքով։ Հայրենիքեն հեռու՝ հայրենիքներ կերտեց նորահաս սերունդներու հոգիներուն մէջ, միշտ վառ պահելով Մեսրոպաշունչ ոգին, գիրն ու լեզուն։
Ընկեր Յովհաննէս ուներ ազնիւ ու անանձնական թաքուն հոգի մը։ Մշտապէս կը ձգտեր լաւէն լաւագոյնին։ Հայ ինքնութեան պատկանելիութիւնը անոր համար պատուոյ պսակ էր ու փառք։ Ան անսասան հաւատքով կը հաւատար, թէ գալիք սերունդները պիտի կերտեն մեր նոր օրերու Հայրենիքի բարօր ապագան ու աստիճանաւոր վերելքը։
Ընկեր Գարագաշեան իր ամբողջ գիտակցական կեանքի ընթացքին, մանաւանդ ազգային, կրթական ու մշակութային անդաստաններուն մէջ բերած նպաստին ընթացքին եղաւ բծախնդիր, շրջահայեաց, անաչառ ու հեռատես։ Իր հաւատքը վերածեց գործի ու տուաւ իր լաւագոյնը։ Եւ այսօր բարձրաճակատ ու հոգեկան մեծ հպարտութեամբ կ՚ըսեմ, թէ ընկեր Յովհաննէսը մեր սերնդակիցներուն ու աշակերտներուն փոխանցեց Ազգի մը պատկանելիութեան հպարտութիւնը, հայ ոգիի հանդէպ անսահման սէրը, հաւատալով, որ գալիք սերունդները պիտի կերտեն մեր նոր օրերու պատմութիւնը՝ ամբողջական հայրենիքի ամբողջական հայութեամբ պանծալի պատմութիւնը։
Ընկեր Յովհաննէս Գարագաշեան կեանքը դիտեց պայծառատեսութեամբ եւ անսպառ յոյսով։ Սիրեց մարդ արարածը, բնութիւնը եւ կեանքի արարչագործ գեղեցկութիւնը։ Եղաւ զոհաբերուիլ գիտցող տիպար ամուսին, անխոնջ կրթական մշակ, նուիրեալ տնօրէն եւ անսասան ազգային գործիչ, որ մինչեւ իր վերջին շունչը հաստատ մնաց պատնէշի վրայ։
Յովհաննէսը՝ Վահան Թէքէեանի բառերով այսպէս պիտի բանաձեւէր իր ապրած կեանքի օրերն ու Աստուածապարգեւ գործունէութիւնը՝ «Հաշուէյարդար ի՜նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց։ Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ՝ ա՜յն մնաց… Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան…»
Ընկեր Յովհաննէս Գարագաշեան իր թողած հարուստ ժառանգութեամբ պիտի ապրի յաւերժօրէն՝ իր անգին տիկնոջ Մարիի, ուսուցիչներու, աշակերտներու, կուսակցական ընկերներու, բարեկամներու եւ հարազատներու սրտերուն մէջ՝ որպէս լիիրաւ հայ մարդ, ամուսին, քիմիագիտութեան, արժանաւոր ուսուցիչ եւ լուսափայլ տնօրէն։
Յովհաննէս Գարագաշեանի մահոով աշխարհացրիւ մուսալերցիներս ընդհանրապէս, իսկ Հ.Յ.Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը մասնաւորաբար կը կորսնցնեն լուսամիտ մտաւորական հսկայ մը, հաւատաւոր եւ ուղղամիտ ազգային նուիրեալ մը ու տիպար դաշնակցական ընկեր մը՝ բառին բոլոր իմաստներով։
Սիրելի եւ անգին ընկեր Յովհաննէս, ակնածանքով եւ յուզումնախառն զգացումներով կը բարձրաձայնեմ․
Խոնարհումս քեզ, որպէս մեծարգոյ Տնօրէն եւ գլխագիր Մարդ։ Բարի երթ քեզի դէպի անդենական ու յաւերժութիւն։
Ննջէ խաղաղ, եւ թող մեզ հիւրընկալող Ամերիկայի Միացեալ Նահանքներու հողը թեթեւօրէն գրկէ ու պահէ քեզ իր մէջ իբրեւ երախտագիտութեան յաւերժական յուշարձան։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի
Յակոբ Ճանպազեան
2 Սեպտեմբեր, 2025
Թորոնթօ