Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ հետագայ հարուածներու պարագային, Թեհրան կրնայ դիտարկել ուրանի հարստացումը մինչեւ 90 առ հարիւր հասցնելու կարելիութիւնը, որ արդէն միջուկային զէնքի ստեղծման համար անհրաժեշտ մակարդակն է։
Այս մասին յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի խօսնակ Իպրահիմ Ռեզային։
«Յաջորդ յարձակման պարագային Իրանի ընտրանքներէն մէկը կրնայ ըլլալ ուրանի հարստացումը մինչեւ 90 առ հարիւր։ Մենք այս հարցը պիտի քննարկենք խորհրդարանին մէջ»,- գրած է Ռեզայի X ընկերային ցանցին մէջ։