Գալով հայկական օրակարգին, հայութեան համար ալ Լիբանանի հիմնական ուժը, երկիրը պահող ու պահպանող օղակը երկրի բանակն է ու մտահոգիչ պիտի ըլլայ, եթէ բանակը խնդիրներու մէջ մտնէ (կամ հակառակն է ճիշդ) «Հըզպալլա»ին հետ։
Շատեր կը մոռնան, որ լիբանանահայութիւնը երկիրը հարուածած ամէնաթէժ փուլերուն կարողացած է ոտքի մնալ, շնորհիւ իր արի կեցուածքներուն։ Այդ արիութեան հիմնական «նիզակ»ին ուղղութիւնը Լիբանանի առաջին դէմքն է, եւ մանաւանդ երկրի միասնական բանակը։
Լիբանանեան բանակին հանդէպ օրերս տեղի ունեցած անպատկառ երեւոյթը վտանգաւոր ցուցանիշներու մասին կը խօսի։
Խօսքը Լիբանան-Սուրիա սահմանային «Հաուշ ալ սայէտ Ալի» անունը կրող գաւառակին մէջ տեղի ունեցած «դէպք»ին մասին է, երբ տեղի բնակիչները վիրաւորական խօսքեր հնչեցուցին աւանը մուտք գործող բանակային ուժերուն դէմ։
«Դուք դաւաճաններ էք», «Դուք լրտեսներ էք» կը յառաջէին անոնք։ Տեղի ունեցածը քննադատութեան նիւթ կը դառնար ներ-լիբանանեան քաղաքական շրջանակներուն կողմէ, որոնց համար լիբանանեան բանակը կը շարունակէ մնալ երկրի իսկական տէրն ու տիրականը։
Աւելի ուշ «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը կը հրապարակէր հաղորդագրութիւն մը նշելով, որ իրենք, որպէս կուսակցութիւն, ոչ մէկ կապ կամ առնչութիւն ունին եղածներուն հետ։
Անշուշտ այստեղ կարեւոր է իմանալ, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանին գտնուող այդ շրջաններու բնակիչներուն մեծ տոկոսը, կամ ցեղախումբերու (աշիրէթներու) անդամներ են կամ ալ շիիթ համայնքի անդամներ։
Լրատուական աղբիւրներ, որ այս լուրը տարածեցին, կերպով մը ցաւ յայտնեցին, որ այն ինչ որ տեղի ունեցած է Լիբանանի հարաւային գաւառներուն մէջ, այսօր նոյնը կը կատարուի այս անգամ Լիբանան-Սուրիա սահմանային գօտիին։
Այստեղ անշուշտ հարկ է յիշեցնել, որ Լիբանանի սահմանային այդ հատուածին հանդէպ ժխտական մօտեցում ունին Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները, որոնք ամէն առիթի կը խօսին այն մասին, որ «Հըզպալլա»ն ոչ միայն ժխտական դեր ունեցաւ Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին, այլ մասնակից եղաւ սուրիացի ժողովուրդին դէմ տեղի ունեցած ռազմական միջամտութիւններով։
Խորքին մէջ պատերազմական տարբեր փուլերէ անցած Սուրիան թատերաբեմը դարձաւ «էթնիք» պայքարներու, որոնց մէկ կարեւոր ընդհանուր խորագիրն էր «Սիւննի-շիիթ հին-նոր հակամարտութիւն»ը։
Այդ փուլերուն էր նաեւ, որ «Հըզպալլա»ն ռազմական կարեւոր ներկայութիւն դարձաւ Սուրիոյ մէջ մղուող ռազմերուն։
Լիբանան- Սուրիա սահմանը այդ օրերուն եւս «քուն ու դադար» չունեցաւ եւ մեր ընթերցողներէն շատեր տակաւին կը յիշեն «Ալ Քուսայր» անունը կրող աւանին անունը, որ իրողապէս դարձաւ «Հըզպալլա»ի կարեւոր «ամրոցներ»էն մին։
«Հըզպալլա», որ վեր բարձրացուց Ասատեան վարչակարգի բռնած եւ «Պայքար ընդդէմ ահաբեկչութեան դէմ» խորագրեալ դրօշակը դարձաւ մեղաւոր եւ անոր ոչ բոլոր քայլերը համարուեցան ընդունելի։
Չմոռնանք, որ ինչպէս շիիթներու պարագային, Լիբանանի մէջ կ հիմնարար դեր ունի Սիւննի համայնքը, որ տարբեր առումներով եւ ի մասնաւորի Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնէն ասդին դարձաւ «խոցելի» համայնք։
Հասարակութեան մէջ ծնունդ առաւ նոր որակի յարաբերութիւն եւ այդ առումով ալ աւելցաւ ու կուտակուեցաւ Սիւննի-շիիթ հակառակութիւնը, որ կը շարունակուի ցայսօր։
Մինչ Սուրիոյ պատերազմի վերջին փուլին Ասատեան վարչակարգի ունեցած «ձեռքբերումներ»ը համարուեցան Ալէւիներու, Իրանի եւ Շիիթներու «յաղթանակ»ը, այսօր նոյն այդ «յաղթանակ»ը իր ուղղութիւնը փոխած է եւ թեքած ն դէպի սիւննիներու կողմը։
Եւ այդ սիւննիներուն մէջ են նաեւ Լիբանանի սիւննիները, որ Սուրիոյ մէջ եղած իշխանափոխութիւնէն ասդին փորձեցին ու դեռ ալ պիտի փորձեն իրենց կամքը թելադրել։
Ու այստեղ է, որ կը ծագի ներ-լիբանանեան խլրտումներու մեծ վտանգը, որ կրնայ արիւնալի էջ մը բանալ առանց անոր ալ մեծ խնդիրներու առաջ կանգնած Լիբանանին համար։
Հարցումը, որ լսելի կը դառնայ հետեւեալն է, որ արդեօք «Հըզպալլա»ն պիտի ուզէ մաս կազմել այս նոր «արկածախնդրութեան» եւ արդեօք անոր զինեալները պատրաստ են իրենց հրացաններու փողերը ուղղել լիբանանեան բանակի իրենց «եղբայրներ»ուն դէմ։
Եղբայր բառը այստեղ բաւական կասկածելի դրոյթներու ամբողջութիւն կը համարուի, որովհետեւ Լիբանանի մէջ «աշխատող» հիմնական «զանգ»ը կրօնի ու աւելին յարանուանութեան զանգն է, որ կրնայ տակնուվրայ ընել առանց անոր ալ բաւական թոյլ օղակ հանդիսացող լիբանանեան հասարակութիւնը։
Գալով հայկական օրակարգին, հայութեան համար ալ Լիբանանի հիմնական ուժը, երկիրը պահող ու պահպանող օղակը երկրի բանակն է ու մտահոգիչ պիտի ըլլայ, եթէ բանակը խնդիրներու մէջ մտնէ (կամ հակառակն է ճիշդ) «Հըզպալլա»ին հետ։
Շատեր կը մոռնան, որ լիբանանահայութիւնը երկիրը հարուածած ամէնաթէժ փուլերուն կարողացած է ոտքի մնալ, շնորհիւ իր արի կեցուածքներուն։ Այդ արիութեան հիմնական «նիզակ»ին ուղղութիւնը Լիբանանի առաջին դէմքն է, եւ մանաւանդ երկրի միասնական բանակը։
«Ա»