Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը համաձայնութեան եկած են խաղաղութեան պայմանագիրի հիմնարար կէտերու շուրջ, կը մնայ զանոնք իրականացնել։ Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն
«Պայման դրուած է հինգ հիմնական կէտերու շուրջ: Այն կը ներառէ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, սահմաններու սահմանազատումը եւ այլն: Կը մնայ միայն զանոնք իրականացնել», ըսած է Չաւուշօղլուն Tvnet-ին տուած հարցազրոյցին։
Անոր խօսքին համաձայն, Անգարայի՝ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ Պաքուի ու Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւնները չեն կրնար ընթանալ իրարմէ անջատ։
Հաղորդավարի հարցին, թէ արդեօք այդ Թուրքիոյ «կարմիր գիծն» է, Չաւուշօղլուն հաստատական պատասխան տուած է։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ աւելցուցած է, որ Փրակի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը դրական եղած է։ Միաժամանակ Չաւուշօղլուն յայտնած է, որ պաշտօնական Երեւանը ճնշումներու կ’ենթարկուի ոչ միայն երկրի ներսէն, նոյնպէս սփիւռքի կողմէն։