image

Խաղաղութեան համար մեծ հնարաւորութիւններ. Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարար

Խաղաղութեան համար մեծ հնարաւորութիւններ. Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարար

Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերը յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկարատեւ խաղաղութեան համար հնարաւորութիւններու դուռ բացուած է։

Այս մասին, ինչպէս գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, Կիւլերն ըսած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ։

«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկարաժամկէտ եւ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու հնարաւորութիւններու դուռ բացուած է։ Մենք կ՚ակնկալենք, որ Հայաստանը հաւատարիմ կը մնայ ոչ թէ այլ երկիրներու, այլ իր հարեւաններու հետ համագործակցութեան դիրքորոշման», - նշած է Կիւլերը։