Երեւանի մէջ այսօր` Մայիս 3-ին, վաղ առաւօտէն կրկին սկսած են խաղաղ անհնազանդութեան գործողութիւնները: Փակուած են շարք մը փողոցներ:
Ընդդիմադիրներն ու անոնց համախոհները բաժնուած են խումբերու եւ կ'արգելափակեն երթեւեկութիւնը մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներու մէջ։
ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան երէկ յայտարարած է, որ այսօր` վաղ առաւօտէն մայրաքաղաքին մէջ եւ մարզերուն մէջ պիտի շարունակուին խաղաղ անհնազանդութեան գործողութիւնները: